Search
Close this search box.

Հայաստանի Տիրինկատար հնավայրի վիշապաքարերը եւ մշակութային հողատարածքը ընդգրկուած են ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան նախնական ցանկին մէջ

ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան յանձնախումբի 46-րդ նստաշրջանին (Նիւ Տելհի Յուլիս 20-30) քննարկուած եւ հաւանութեան արժանացած է Հայաստանի ներկայացուցած դիմումը՝ Արագածոտնի մարզի Տիրինկատար հնավայրի վիշապաքարերը եւ մշակութային հողատարածքը Կազմակերպութեան նախնական ցանկին մէջ ընդգրկելու վերաբերեալ:

Նիստին մասնակցած է Կրթութեան, Գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան Պատմութեան եւ մշակութային յուշարձաններու պահպանութեան վարչութեան պետ Յարութիւն Վանեան՝ իբրեւ համաձայնագրի համակարգող։

Այս մէկը՝  ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան նախնական ցանկին մէջ Հայաստանի կողմէ ներկայացուած եւ արձանագրուած 5-րդ դիմումն է: Առաջին 4-ը արձանագրուած են 1995-ին: Անոնք են՝ Դուին քաղաքի հնավայրը, Երերոյքի տաճարը եւ հնավայրը, Նորավանքը եւ Ամաղու գետի վերին հովիտը, Տաթեւի վանքը, Տաթեւի անապատը եւ Որոտան գետի հովիտին յարակից տարածքները։

Նշենք, թէ Կազմակերպութեան ցանկին մէջ արձանագրուած են նաեւ Սանահինի եւ Հաղպատի վանքերը, Էջմիածնի Մայր տաճարը, եկեղեցիները եւ Զուարթնոց հնավայրը, Գեղարդի վանքը եւ Ազատ գետի վերին հովիտը: