ServiceTitan հիմնադրուած է 2012-ին Արա Մահտեսեանի եւ Վահէ Կուզոյեանի կողմէ։ Ան ամպային (cloud – տուեալներու համացանցային ամբարում) եւ առձեռն հեռաձայններու պատշաճեցուած ծրագրային լուծում կը տրամադրէ կենցաղային սպասարկման ծառայութիւններ մատակարարող ընկերութիւններուն։ Անցեալ տարի 700 միլիոն տոլար ներդրում ստացած ընկերութեան ներկայի արժէքը կը գնահատուի 9,5 միլիառ տոլար:
ServiceTitan Հայաստանի մէջ 40 միլիոն տոլար ներդրում կատարած է՝ բանալով երկու գրասենեակ։ Հայկական խումբը հաստատուն կերպով կ՚ընդլայնուի, կը բացուին մասնագիտական նոր բաժիններ. անընդհատ կը մշակուին ներդրումային ծրագրեր։
Արդէն եօթներորդ տարին անընդմէջ, Cloud 100-ն ամէն տարի կը վերանայի հարիւրաւոր ամպային սթարթ-ափերու եւ մասնաւոր ընկերութիւններու գործունէութիւնը: Cloud 100-ի գնահատման գործընթացը կ՚առաջնորդուի չորս գործօնով՝ շուկայի մէջ առաջնորդութիւն (35%), գնահատուած արժէք (30%), գործառնութեան քանակ (20%) եւ մարդիկ ու մշակոյթ (15%):
2022 թուականի Forbes Cloud 100 վարկանիշին մէջ ServiceTitan 7-րդ տեղը կը գրաւէ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։