Search
Close this search box.

«Հայկական մշակոյթի օրեր» Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ

Հոկտեմբեր 15-ին, Ղազախստանի մէջ սկիզբ առած են «Հայկական մշակոյթի օրեր»-ը, մասնակցութեամբ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարութեան պատուիրակութեան՝ նախարար Ժաննա Անդրէասեանի գլխաւորութեամբ:

«Մշակոյթի օրեր»-ու հանդիսաւոր բացման արարողութիւնը տեղի ունեցած է մայրաքաղաքի «Քալիպեք Քուանիշպաեւ» նշանաւոր թատերասրահին մէջ, ներկայութեամբ՝ Հայաստանի եւ Ղազախստանի նախագահներ՝ Խաչատուրեանի եւ Թոքաեւի, ինչպէս նաեւ Ղազախստանի մշակոյթի նախարարուհի Այտա Պալաեւայի։

Ժաննա Անդրասեան (ձախին) եւ Այտա Պալաեւա

Տիկին Անդրէասեան իր ելոյթին յատկապէս նշած է. “Ղազախստանի մշակութասէր հանրութեան՝ հայկական մշակոյթին ներկայացումը շատ կարեւոր է, մա՛նաւանդ, որ մշակութային ծրագրի առանցքին կը գտնուի մեծանուն հայ արուեստագէտներ Շառլ Ազնաւուրի եւ Սերգեյ Փարաճանովի ստեղծագործական ժառանգութեան ներկայացումը, որ պատահական չէ, նկատի ունենալով որ այս տարի ամբողջ աշխարհը կը նշէ անոնց 100-ամեակը։ Պատահական չէ նաեւ յայտագրին մաս կազմող «Սօս Սարգսեան» թատերախումբի ընտրութիւնը, որովհետեւ համոզուած եմ որ Ղազախստանի հանրութիւնը կը ճանչնայ ու կը յիշէ Սօս Սարգսեանը։ Անոնք բոլորը՝ իւրաքանչիւրը իր ինքնատիպ ոճով, իր կեանքով ու գործով ապացուցած են մշակոյթի միաւորող ուժը։ 

Հայաստանի և Ղազախստանի ժողովուրդներու մշակութային երկխօսութեան վառ արտայայտութիւններէն են նաեւ ղփչաղական ձեռագրերը, որոնք մեծ հոգածութեամբ ու խնամքով կը պահպանուին Երեւանի «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանին մէջ”։

Տիկին Այտա Պալաեւա իր կարգին ողջունած է Ղազախստանի մէջ «Հայկական մշակոյթի օրեր»-ու կազմակերպումը՝ մաղթելով մասնակիցներուն ստեղծագործական ներշնչանքներ, իսկ հանդիսատեսին՝ անմոռանալի տպաւորութիւններ:

Բացման արարողութեան ելոյթ ունեցած է Հայաստանի ճազ նուագախումբը (գեղարուեստական ղեկավար՝ Դաւիթ Մելքոնեան)՝ Շառլ Ազնաւուրին նուիրուած համերգային յայտագրով: Ժողովրդական երգերու մեկնաբան երգչուհի Ինգա Արշակեանի եւ միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր Գոռ Սուջեանի կատարողութեամբ հնչած են Կոմիտասի եւ Առնօ Բաբաջանեանի ստեղծագործութիւնները։

Նոյն օրը, նոյն սրահին մէջ բացումը կատարուած է Փարաճանովի կեանքին եւ գործունէութեան նուիրուած նկարչական ցուցահանդէսին, իսկ «IMAX Keruen» թատերասրահին մէջ սկիզբ առած են «Հայկական շարժանկարի օրեր»-ը։