Search
Close this search box.

Հայոց ցեղասպանագիտութեան ռահվիրայ Վահագն Տատրեանի շիրիմը անտէր է…

Վերջերս նշուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ականաւոր հետազօտող, պատմաբան Վահագն Տատրեանի մահուան Գ. տարելիցը (մահացած՝ 2019 Օգոստոս 2-ին): Ատոր զուգահեռ, Տատրեան իր հայրենիքին մէջ ո՛չ տապանաքար ունի, ո՛չ ալ գերեզմանի տեղը յուշող որեւէ նշանակ:

Այս մասին կը տեղեկանանք ազգութեամբ թուրք ծանօթ ցեղասպանագէտ Թաներ Աքչամի Դիմագիրքեան հետեւեալ գրառումէն.-

«Խորապէս ցնցուած եմ եւ տխուր։ Ձեզի հետ կը բաժնեմ Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան հիմնադիր փրոֆեսէօր Վահագն Տատրեանի գերեզմանի լուսանկարները։ Տատրեանի աճիւնը Հայաստան փոխադրուեցաւ եւ հողին յանձնուեցաւ 2019-ին: Լոս Անճըլըսի Արարատ Էսքիճեան թանգարանի տնօրէն Մեկկի Գոշչինի յամառ որոնումներէն յետոյ, յայտնաբերուեցաւ թաղման վայրը։ Ան ալ միայն գերեզմանատան ղեկավարութեան հետ յամառ բանակցութիւններէ ետք… Տատրեանը թաղած են առանց որեւէ նշանի, ալ չենք խօսիր տապանաքարի մասին. անոր  գերեզմանը ծածկուած էր մոլախոտով։ 

Ցեղասպանութեան յուշահամալիր տանող ճանապարհին փոքրիկ յուշատախտակներ, արձաններ ու ծառեր տնկուած են՝ ի յիշատակ ցեղասպանութեան ընթացքին Հայերուն օգնած օտարներու։ Զանոնք կը յիշենք ամէն քայլափոխի: Եւ, յամենայն դէպս, ցեղասպանագիտութեան հիմնադիրը անտէրի պէս շպրտուած է գերեզմանոց… Հոն ո՛չ մէկ յիշեցնող նշանակ կայ։ Սա բոլոր Հայերուն եւ անոնց բարեկամներուն համար մեծ խայտառակութիւն է։ Իր կեանքը Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան նուիրած եւ մեզի վեր բարձրանալու հարթակ տրամադրած Տատրեան արժանի չէր այս վերաբերումին։ Իսկ թէ Հայաստանի մէջ ո՞վ է Տատրեանի գերեզմանի շինութեան պատասխանատուն, չենք գիտեր։ Հոս ո՛չ մէկը կը մեղադրեմ։ Թերացում կայ որ պէտք է շտկուի։ Կ՚առաջարկեմ զգայուն ըլլալ այս հարցին շուրջ եւ կատարել մեզի բաժին ինկող պարտականութիւնը։ Ես պիտի ընեմ առաւելագոյնը՝ իմ եւ իմ կազմակերպութեան անունով»։

Ցեղասպանագիտութեան, մասնաւորապէս Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան մէջ անգնահատելի ներդրում ունեցած պատմանաբանի գերեզմանին վիճակը ազգութեամբ թուրք ցեղասպանագէտը աւելի կը յուզէ, քան Տատրեանի հայրենակիցները։