Հարաւային Գալիֆորնիոյ հրդեհի վնասը կը գերազանցէ 60 միլիառ տոլարը

Հարաւային Գալիֆորնիոյ հրդեհին դէմ հրշէջներուն պայքարը կը շարունակուի։ Չոր եղանակը եւ քամին ա՛լ աւելի կը բարդացնեն անոնց աշխատանքը։

Պատմութեան «ամէնէն աւերիչ հրդեհ»-ը որակուած աղէտը արդէն 10 հոգիի կեանք խլած է, տեղահանուածներու թիւը 200 հազարի կը հասնի, աւելի քան 10 հազար տուն մոխրացած է, 13 հազար շինութիւն ալ վտանգի տակ է։ Փորձագէտները նահանգին կրած վնասը նախնական հաշուարկով 60 միլիառ տոլար կը գնահատեն։