Search
Close this search box.

Հետաքրքրական պատմութիւն մը Կոմիտասի կեանքէն (1869 Հոկտեմբեր 8 – 1935 Հոկտեմբեր 22)

Կոմիտասի՝ արտասահմանէն վերադարձէն անցած էր 6-7 ամիս: Այդ ժամանակ ան արդէն որոշ համբաւ ունէր: Սակայն էջմիածնի մէջ կային մարդիկ, որոնք այնքան ալ լաւ աչքով չէին դիտեր «եար» եւ «սէր» երգող վանականը: Այդ ժամանակ մամուլը Կոմիտասի մասին գրեց. «Երեք տարուան ընթացքին կօշկակարութիւն կարելի չէ սորվիլ, ալ ո՜ւր մնաց երաժշտութիւն»: Այս յօդուածը վշտացուց Կոմիտասը, թէեւ կը ձեւացնէր, թէ հաշուի չէր առներ յօդուածագրին խօսքերու թոյնը:

Անգամ մը անոր այցելութեան եկաւ Վրթանէս Փափազեան՝ կարճահասակ գիրուկ մարդու մը հետ: Կոմիտաս սկսաւ նուագել ու երգել իր մշակած երգերէն: Փափազեան ալ առաւ ջութակը ու սկսաւ նուագել քրտական «Լուր-տա-լուրը»: Կոմիտաս հիւրերէն աննկատ առաւ ճերմակ թուղթ մը ու աչքերը յառած Փափազեանին, կը լսէր անոր նուագը: Փափազեան կը նուագէր սրտախտիտ, ջերմ զգացումով:

– Ինչպէ՞ս է, Կոմիտա՛ս, հաւնեցա՞ր,– հարցուց Փափազեան՝ ջութակը հեռացնելով կուրծքէն:

– Հիանալի է, հաւնեցայ ու սիրեցի, այժմ ես կը նուազեմ, դուն լսէ՛: 

Այս ըսելով՝ Կոմիտաս առաւ գրասեղանէն թուղթը, նստեցաւ դաշնակին առջեւ ու սկսաւ նուագել եւ երգել «Լուր-տա-լուրը»: Եղանակի վերարտադրութիւնը ամբողջովին ճիշդ էր ու հարազատ: Փափազեան հիացումէն ուղղակի ապշած, քարացած էր:

– Կոմիտա՛ս, դուն այն նախապէս ձայնագրած ունէի՞ր:

– Ո՛չ, ձայնագրեցի, երբ դուն կը նուագէիր,– ըսաւ եւ ցոյց տուաւ ծուռումուռ տողերով նոր գրի առած երգը:

Փափազեան, շեշտակի հայեացք մը նետելով իր հետ եկած ընկերոջ կողմը, ձայնեց.

– Մի՞թէ անբարեխիղճ, անամօթ չէ այն մարդը, որ առանց ծանօթանալու Կոմիտասի հետ, առանց գաղափար ունենալու անոր շնորհքին ու ընդունակութիւններուն մասին, հրապարակաւ կը քննադատէ զայն…

– Այդ անամօթ մարդը ես եմ, Կոմիտա՛ս: Ներողութիւն կը խնդրեմ իմ անբարեխղճութեան համար,– թօթուեց անծանօթը՝ խեցգետինի նման կարմրելով եւ ձեռքը մեկնելով Կոմիտասին:

Յանկարծակիի եկած Կոմիտասի դէմքը մթագնեց անհաճոյ զգացումէն, բայց վայրկեանական այդ մութ ստուերին յաջորդեց լայն ու պայծառ ժպիտը եւ ան մանկական անյիշաչարութեամբ ու ներողամտութեամբ սեղմեց իրեն պարզուած ձեռքը: