Չդադրող պահանջներու կողքին, Պաքու հիմա ալ հրապարակ կը նետէ զանգուածային գերեզմաններ յայտնաբերելու վարկածը։
Ազերպայճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ «X» ընկերային ցանցի իր էջին հրապարակած է ոսկորներու լուսանկարներ, նշելով թէ «ազատագրուած Աղդամի Սիրխաւանդ գիւղին մէջ նոր զանգուածային գերեզմաններ յայտնաբերած են»։
Լուսանկարներուն կից ան հետեւեալը գրառած է. «Աւելի քան 4 հազար ազերպայճանցի սպանուած եւ թաղուած է զանգուածային գերեզմաններու մէջ»։ Ալիեւի օգնականը շեշտած է, թէ ցարդ «Հայաստան ոեւէ մէկը չէ պատժած այս յանցագործութիւններուն համար» եւ թէ Երեւան կը թաքցնէ զանգուածային գերեզմաններու մասին տեղեկութիւնը։
«Հայաստան պէտք է ցոյց տայ իր իրական հաւատարմութիւնը արդարութեան ու խաղաղութեան՝ ընդունելով այս բոլոր յանցագործութիւններուն համար պետութեան պատասխանատւութիւնը եւ ըստ այդմ հետաքննելով եւ պատասխանատւութեան ենթարկելով ռազմական յանցագործները»,– գրած է ան։
Հայաստանի խորհրդարանի Պաշտպանութեան յանձնախումբի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեան հակադարձելով Հաճիեւի պնդումներուն նշած է.
“Նախ պարոն Հաճիեւ պէտք է առաջնորդուէր Նոյեմբերին կնքուած հրադադարի պայմանագրով, նկատի ունենալով, որ գերիներ պէտք չէր ըլլային ըստ այդ պայմանագրի։ Գերիներ կան, տակաւին անհետացածներու խնդիր կայ։ Եկէ՛ք առաջնորդուինք թարմ հետքերով եւ շարունակենք հետազօտել, թէ ո՞ւր եւ ի՞նչ յուղարկաւորութիւն տեղի ունեցած է, ուսումնասիրենք եւ գտնենք անհետացածներու հարազատները ու վերադարձնենք անոնց մասունքները։ Այդ մասին պէտք է խօսիլ։ Իսկ թէ ի՞նչ յայտնաբերուած է, պարոն Հաճիեւ չի կրնար ըսել, որ արդեօք անոնք հայե՞ր են, ազերպայճանցինե՞ր, թէ՞ այլ ազգի ներկայացուցիչներ, որովհետեւ այս տարիներուն՝ ռազմական գործողութիւններուն նաեւ այլազգիներ մասնակցած են՝ չէչէններ, ուքրաինացիներ… բայց հիմա խնդիրը այդ չէ։ Եթէ խնդիր կայ, պէտք է լուծում ստանայ միջպետական համաձայնութիւններու, յանձնախումբերու աշխատանքի միջոցով”։
Անդրադառնալով ազերպայճանական կողմի պնդումին, թէ 4 հազար անհետացած ազերպայճանցիներ կան, Քոչարեան նշած է, թէ ընդհանրապէս անհատեցածներուն թիւը ճշդելը երկար աշխատանքի կը կարօտի։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։