Հնդկական «Envoy Excellency» հեղինակաւոր ամսագիրը հրատարակած է Հայաստանին նուիրուած յատուկ թիւ մը:
Ամսագրին մէջ ներառուած են Հայաստանի պատմութեան, մշակութային ժառանգութեան, տեսարժան վայրերու, խոհանոցի, ներդրումային միջավայրի մասին ուշագրաւ տեղեկութիւններ։
Հրատարակութիւնը յատուկ էջ մը նուիրած է Շառլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին։
Իսկ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աֆեանի հարցազրոյցին մէջ արծարծուած են հայ-հնդկական յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։