Հայաստանի դեսպան Վահագն Աֆեան, ռազմական կցորդ Արկադի Տօնոյեանի եւ դեսպանութեան խորհրդական Տիգրան Գրիգորեանի ուղեկցութեամբ, Յունուար 10-ին, Նիւ Տելհիի մէջ մասնակցած է AeroIndia 2025-ի նախապատրաստական աշխատանքներուն նուիրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներու կլոր սեղանի քննարկման:
Դեսպանը կարճատեւ զրոյց ունեցած է Հնդկաստանի Պաշտպանութեան նախարար Ռաճնաթ Սինկհի եւ նախարարութեան այլ պաշտօնատարներու հետ։
Փետրուարին կայանալիք միջազգային տիեզերական սոյն ցուցահանդէսը կարեւոր հարթակ մըն է միջազգային գործակցութեան ընդլայնման եւ ոլորտի զարգացումներու ներկայացման առումով։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։