Հունգարիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ տեղւոյն հայ համայնքին կազմակերպութեամբ Հոկտեմբեր 12-ին, Պուտափեշտի Ս. Աստուածածին-Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ ելոյթ ունեցած է հայրենի «Գեղարդ» երգչախումբը:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած են դեսպանութեան երրորդ քարտուղար Դաւիթ Տէր-Մկրտչեան եւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հունգարիոյ հոգեւոր հովիւ Մաշտոց վարդապետ Զահտէրեան:
Ձեռնարկին ներկայ եղած են Հունգարիոյ հասարակական-քաղաքական շրջանակներու եւ Հայ ինքնավարութեան ներկայացուցիչներ։ «Գեղարդ» երգեցիկ խումբը ներկաներուն պարգեւած է կատարողական արուեստի անմոռանալի պահեր:
Նշենք, թէ խումբը նախորդ օրն ալ Սեյքեշֆեհերվար քաղաքի պատմական եկեղեցւոյ կամարներուն տակ իր գեղեցիկ կատարումներով հիացուցած է ներկաները։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։