Նոյեմբեր 7-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ մասնակցած է Եւրոպական քաղաքական համայնքի 5-րդ վեհաժողովին: Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան դիմաւորած է բարձրաստիճան հիւրերը:
Բացման պաշտօնական արարողութենէն ետք, Փաշինեան շարք մը երկիրներու առաջնորդներուն հետ մասնակցած է նաեւ «Տնտեսական անվտանգութիւն» կլոր-սեղանի փակ քննարկումին:
Վեհաժողովի շրջանակին մէջ նախատեսուած էին Հայաստանի վարչապետին հանդիպումները տարբեր երկիրներու ղեկավարներուն հետ: ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։