Կը գտնուիմ Ֆրանսայի Ռոման-սիւր-Իզէր գողտրիկ քաղաքի՝ կօշիկի թանգարանի պարտէզներուն մէջ, այս երեկոյ Օգոստոս 23-ին, ունկնդրեցի աննախընթաց Համերգ մը, յուշ-երեկոյթի մը առիթով։
Հպարտանքի եւ յարգանքի առիթը ընծայեցին աշխարհահռչակ տաղանդաւոր երաժիշտներ Սէրուժ Գրաճեանն ու Աստղիկ Սիրանոսեանը։
Դաշնակահար Սէրուժ Գրաճեան
Այս Համերգը նուիրուած՝ Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեանի, արտասովոր էր եւ բացառիկ։
Արտասովոր՝ իր գաղափարով եւ մատուցման կերպով, արդարեւ՝ դաշնամուրի հնչիւններուն կ՚ընկերակցէր դերասան Օլիվիէ Մարթինօ՝ ասմունքով, իսկ Սէրուժ Գրաճեան իր հրաշալի տաղանդով մեզ կը փոխադրէր հեռաւոր ափեր, հանդիսանալով որպէս Մանուշեանի ձայնը՝ հայերէնով կ՚արտասանէր․ «Ծնած եմ Ատիեաման»․ ապա կը նկարագրէր Միսաք Մանուշեանի մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիները Լիբանան՝ որմէ ետք կը պատմէր ժամանումը Ֆրանսա։
Ասմունք եւ երաժշտութիւն ընդելուզուած կը հմայեն ներկաները. Օլիվիէ Մարթինօ եւ Սէրուժ Գրաճեան
Երաժշտական կատարումները կարծես դարձած էին հարուստ պատմութեան գիրք ուր կարելի էր կարդալ հայ արդիական պատմութեան հատուածներ։ Միսաքի ծննդավայրը կը պատկերացնէր «Կիլիկիա» երգի մշակումը դաշնամուրի համար, ապա Լիբանան կ՚ընդունէր արաբերէն «Պնդ ըլ Շալապիա» երգով՝ ցեղասպանութենէ մազապուրծ որբ գաղթական Միսաքը, իսկոյն կը բացուէր Ֆրանսա ժամանման պարբերութիւնը «Քնքուշ Ֆրանսա – Douce France» Շառլ Թրենէի երգի եղանակով։ Գիրքի գլուխները հեզասահ անցումներով կը յառաջանային Մանուշեանի բանաստեղծութիւններու ընդմէջէն, որ լոկ իր կեանքը չէր պատմեր, այլ պատերազմի դժուար տարիներու ֆրանսահայ գաղութի կեանքը, որոնցմէ մին՝ բարօր օրերու ձգտող աշխատասէր հայ դերձակուհիներու մասին բանաստեղծութիւնը եւ յաջողութեան տիպար հանդիսացող Շառլ Ազնաւուրի ընտանիքին մասին վկայութիւններով։
Այս երեւակայական գիրքի գլուխներու ամենանշանակալիցներէն էր Միսաք Մանուշեանի ու Մելինէի առաջին հանդիպումը՝ Կապոյտ խաչի պարահանդէսին։ Այս հատուածը Աստղիկի բեմադրութեամբ՝ հանդիսատեսին ներկայացուց նշանաւոր հիւմորիստ երգիծական ասմունքող Սանտրին Լառոշ։
Իւրաքանչիւր հատուածին պահի չքնաղ փայլք կու տային դաշնամուրի բիւրեղ հնչիւնները։ Սէրուժ ոչ միայն դաշնակահար էր այլ այնպիսի նրբութեամբ վերամշակած էր Ազնաւուրի եւ այլ յայտնի երգեր, որ իր կատարումի ընթացքին իմ կողքիս հանդիսատեսները կ՝ընկերակցէին մեղմաձայն երգելով։
՛՛Միսաք եւ Մելինէ՛՛ ստեղծագործութիւնը գրուած եւ կատարուած Աստղիկ Սիրանոսեանի եւ Սէրուժ Գրաճեանի կողմէ
Եկաւ վիպական հմայիչ պահ մը, «Միսաք եւ Մելինէ» թաւջութակի եւ դաշնամուրի համար Աստղիկ Սիրանոսեանի եւ Սէրուժ Գրաճեանի ստեղծագործութիւնը, առաջին անգամ կատարուեցաւ այդ օր։ Հմայիչ ռոմանս մըն էր, կար թախիծ եւ կար սէր։ Սէր մը հզօր՝ որ պիտի ապրէր յաւերժ Մելինէի սրտին մէջ։ Միսաքի մահէն ետք, Մելինէն չկրցաւ մոռացութեան յանձնել այս սէրը․․․ Անկարելի էր այդ վեհ զգացումը եւ իր անմոռաց սիրելիին յիշատակը ջնջել։
Նոյնն էր Միսաք, որ բանտարկուեցաւ որպէս ընդդիմադիր եւ դատապարտուեցաւ մահուան դատավճիռի. Մելինէին ուղղուած՝ անոր վերջին յուզիչ նամակը կարդաց Մելինէի քրոջ թոռնուհին՝ Քաթիա Կիրակոսեան։ Ողբերգական մահէն մի քանի օր առաջ արդէն հրաժեշտի տողերը կը խոստանային սիրոյ յաւերժութիւն, կը բուրէին քաջութիւն եւ կ՚արտացոլէին մեծ սկզբունքի համար պայքարող հոգիի մը պատկերը։
Մելինէ Մանուշեանի քրոջ թոռնուհին՝ Քաթիա Կիրակոսեան կ՝ընթերցէ Միսաքի վերջին նամակը Մելինէին
Բացառիկ էր այս համերգը, որովհետեւ, ունէր պատգամ, ունէր պատմութիւն եւ ունէր ապագայի համար տեսլական։
Այսօր երբ մի քանի շաբաթ ետք կը վերյիշեմ այդ պահերը, մեծ յարգանքով կը լեցուիմ Ֆրանսայի ազգային հերոսներ՝ Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեանի յիշատակին եւ հպարտութիւն կ՚ապրիմ որովհետեւ անոնք անմահացան պատուով եւ 2024 Փետրուարին արժանացան մեծ շուքով մուտք գործելու Ֆրանսայի Ազգային Պանթէոն։
Նոյնքան եւ աւելի հպարտութիւն կ՚ապրիմ տեսնելով երիտասարդ հայուհիի մը մտայղացումը աննախընթաց այս յուշ-երեկոյթը մատուցելու հանրածանօթ դարձած եւ իր իսկ տնօրինած՝ «Լէ Միւզիքատ» փառատօնին, ձգտելով բանաստեղծ Հերոս Մանուշեանին յիշատակը բանաստեղծա-երաժշտական բարձրորակ համերգով մը հրամցնելու։ Այսպէսով կը փաստէր որ նոր սերունդի ներկայացուցիչներ՝ Աստղիկը եւ Սէրուժը արժանի զաւակներն են արուեստով պայքարող, վերապրող հայ ազգին։
Նայիրի Քէշիշեան-Խաչերեան
2024 Սեպտեմբեր 18
Լուսանկարները՝ Studio Deux Mil Huit
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։