Հրազդան համայնքի ղեկավար Սեւակ Միքայէլեան Յունիս 15-ին ընդունած է Մոնփըլիէ քաղաքի պատուիրակութիւնը, որուն կ՚ընկերանար դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի։
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Մոնփըլիէի փոխքաղաքապետ Գլար Հարթ, Մոնփըլիէի քաղաքապետարանի պաշտօնատարներ, Մոնփըլիէի փաստաբանական պալատի անդամներ։ Այցի նպատակը եղած է Հրազդան եւ Մոնփըլիէ քաղաքներուն միջեւ համագործակցութեան յուշագրի ստորագրումը։
Ողջունելով հիւրերը՝ համայնքի ղեկավարը բարձր գնահատած է Ֆրանսայի եւ Հայաստանի բարեկամական ամուր կապերը, երախտագիտութեամբ յիշած է, որ Ֆրանսա եղած է եւ կը շարունակէ մնալ Հայաստանի կողքին։
Դեսպան Տըքոնթինյի գոհունակութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար՝ ընդգծելով Ֆրանսայի եւ Հայաստանի բարեկամական կապին կարեւորութիւնը։ Համայնքի ղեկավարը յայտնած է այն համոզումը, որ երկու քաղաքներու միջեւ ստեղծուած բարեկամական կապերը վստահաբար պիտի զարգանան, ինչ որ պիտի նպաստէ երկու քաղաքներու փոխադարձաբար ճանաչման եւ յառաջընթացին։
Ընդլայնուած հանդիպման յաջորդած է համագործակցութեան յուշագրի ստորագրման պաշտօնական արարողութիւնը, որով Հրազդանն ու Մոնփըլիէն հռչակուած են զուգորդ քաղաքներ։
Համայնքի ղեկավար Սեւակ Միքայէլեանի ուղեկցութեամբ պատուիրակութեան անդամները այցելած են Հրազդանի «Արտակ Ռաֆայէլեան» մանկապատանեկան մարզադպրոց, ուր յանձնառու եղած են իրենց վերադարձին միջոցներ գտնելու՝ դպրոցի վերանորոգման աջակցելու համար։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։