Search
Close this search box.

Ձերբակալուած են Արայիկ Յարութիւնեանը, Արկադի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանը եւ Դաւիթ Իշխանեանը

Հոկտեմբեր 3-ին ազերպայճանական պաշտօնական աղբիւրները հաստատած են, թէ Արցախի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանը եւ Բակօ Սահակեանը, Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը փոխադրած են Պաքու, իսկ Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ձերբակալուած է եւ այժմ զինք Պաքու կը տանին:

Արցախի Պետական նախարար Արթուր Յարութիւնեան «Ազատութիւն» լրասփիւռին հաղորդած է, թէ ինք, ԱԱԾ-ի տնօրէն Արարատ Մելքումեան, Ներքին գործոց նախարար Կարէն Սարգսեան եւ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարը ազերպայճանական անցակէտէն Հոկտեմբեր 3-ին հասած են Հայաստան։ Ան նախկին նախագահներու ու խորհրդարանի նախագահի ձերբակալութիւններու լուրը չէ մեկնաբանած, միայն ըսած է, թէ երբ իրենք ճամբայ ելան, անոնք տակաւին Ստեփանակերտ կը գտնուէին։

“Այլ մանրամասնութիւններ մենք էլ չենք կարողանում ճշդել, քանի որ Արցախի հետ կապը ընդհատուել է։ Արցախում այս պահին գործում է «Ազերթելեքոմ»-ը”,– նշած է Յարութիւնեան։

Կապուեցէք այս էջին ամբողջական պարունակութիւնը տեսնելու համար։

Եթէ չունիք բաժանորդագրութիւն, կրնաք այստեղ արձանագրուիլ՝