Search
Close this search box.

Ձերբակալուած են ՀՅԴ-ի 13 անդամներ

Յունիս 15-ին, Ազ­­գա­­­յին ժո­­ղովի «Հա­­յաս­­տան» խմբակ­­ցութեան երես­­փո­­­խան Գառ­­նիկ Դա­­նիէլեան տե­­ղեկա­­ցու­­ցած է, թէ «եր­­կու օրէ ի վեր շին­­ծու քրէական գոր­­ծե­­­րի շրջա­­նակ­­նե­­­րում բռնաճնշումնե­­րի նոր ալիք է սկսուել ՀՅԴ-ի դէմ։ Ար­­դէն ձեր­­բա­­­կալուել է ՀՅԴ-ի 13 ան­­դամ, այդ թւում 2 կին եւ Հա­­յաս­­տա­­­նի Գե­­րագոյն մար­­մի­­­նի ան­­դամ Գե­­րասիմ Վար­­դա­­­նեան (այս վեր­­ջի­­­նը աւե­­լի ուշ բան­­տարկուած է), խու­­զարկուել են նրանց տնե­­րը»։ Ան աւել­­ցուցած է. «Բռնաճնշումնե­­րը շա­­րու­­նակւում են նաեւ իրենց քա­­ղաքա­­կան դիր­­քո­­­րոշու­­մը ար­­տա­­­յայ­­տող հայ գոր­­ծա­­­րար­­նե­­­րի նկատ­­մամբ»։

Այս կա­պակ­ցութեամբ իրա­ւունքի եւ ար­դա­րու­թեան կեդ­րոն «Թա­թոյ­եան» հիմ­նադրա­մը հրա­պարա­կած է հա­ղոր­դագրու­թիւն մը, ուր մաս­նա­ւորա­պէս նշուած է.

«Սա նշա­նակում է, որ Հա­յաս­տա­նում ժո­ղովրդա­վարու­թիւնն ու իրա­ւունքի գե­րակա­յու­թիւնը, մար­դու իրա­ւունքնե­րը պաշտպա­նող հա­մակար­գե­րը տա­պալուած են, իսկ քա­ղաքա­կան իշ­խա­նու­թիւնը՝ իրա­ւապահ ու դա­տական հա­մակար­գե­րը վե­րածել է քա­ղաքա­կան հա­շուե­յար­դա­րի իրար լրաց­նող գոր­ծիքնե­րի։

Այս տրա­մաբա­նու­թեան մէջ պէտք է դի­տար­կել Յու­նիս 12-ի կամ այլ իրա­դար­ձութիւննե­րի կա­պակ­ցութեամբ «Տա­ւու­շը յա­նուն Հայ­րե­նիքի» շար­ժումի դաշ­նակցա­կան կամ այլ մաս­նա­կից­նե­րի նկատ­մամբ Յու­նիս 15-ի ձեր­բա­կալու­թիւններն ու նրանց տնե­րի խու­զարկու­թիւննե­րը։

Դրանք բո­լորը կան­խա­վար­կա­ծով բա­ցայայտ անօ­րինա­կան են, խտրա­կան ու քա­ղաքա­կան հա­շուե­յար­դար, քա­նի դեռ քրէօրէն պատ­ժե­լի խախ­տում թոյլ տուած ոս­տի­կան­նե­րի ու իշ­խա­նու­թեան մաս կազ­մող այլ պաշ­տօ­նեանե­րի նկատ­մամբ քրէական հե­տապնդումներ չեն յա­րու­ցուել ու առ­նուազն խա­փան­ման մի­ջոց­ներ չեն կի­րառուել»։