Search
Close this search box.

«Ղարաբաղի Հայերուն իրաւունքները պէտք է երաշխաւորուին Ազերպայճանի Սահմանադրութեան շրջանակին մէջ»

Շառլ Միշէլի հարցազրոյցը՝ «Ազատութիւն» լրասփիւռին

«Ազատութիւն» լրասփիւռին տուած բացառիկ հարցազրոյցին, Եւրոպական խորհուրդի ղեկավար Շառլ Միշէլ յայտարարած է, թէ «Ղարաբաղի Հայերուն իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը պէտք է երաշխաւորուին Ազերպայճանի Սահմանադրութեան շրջանակին մէջ», աւելցնելով, որ Եւրոպական Միութիւնը այդ հարցին շուրջ կը շարունակէ բանակցութիւնները Պաքուի ղեկավարութեան հետ։

“Կ՚ենթադրեմ, թէ Հայերը պէտք է վերադառնալու իրաւունք ունենան կամ գոնէ կարենան այցելել Ազերպայճանի այդ հատուածը, եւ անոնց անվտանգութիւնն ու իրաւունքները պէտք է երաշխաւորուած ըլլան։ Փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան գծով կան միջազգային չափանիշեր, որոնք պէտք է յարգուին Ազերպայճանի Սահմանադրութեան համաձայն”,– ըսած է ան։

«Հայկական կողմը ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմէն ետք կը պնդէր, թէ Ղարաբաղի Հայերուն պէտք է տրուին անվտանգութեան ու իրաւունքներու պահպանման միջազգային երաշխիքներ։ Խաղաղութեան համաձայնագրին մէջ այդ հարցին անդրադարձ կա՞յ, թէ՞ Ղարաբաղի հայաթափումէն ետք, այս խնդիրը այլեւս հրատապ չէ» հարցումին՝ Եւրոպական խորհուրդի ղեկավարը պատասխանած է, որ ինք պիտի չուզէ խորանալ մանրամասնութիւններու մէջ, միաժամանակ ընդգծելով, որ այդ հարցով երաշխաւորը պէտք է Ազերպայճանի իշխանութիւնները ըլլան։

«Բանակցութիւններու առանցքին Հայաստանի ու Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումն է»

Իբրեւ միջնորդ եւ Հայաստանի ու Ազերպայճանի միջեւ հանդիպումներու անմիջական մասնակից Շառլ Միշէլ ըսած է, թէ բանակցութիւններու առանցքին նախ եւ առաջ կը գտնուի Հայաստանի ու Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը։

“Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ անհրաժեշտ է խաղաղութեան պայմանագիրը՝ անոնց յարաբերութիւններու կարգաւորումը կազմակերպելու համար։ Այս խաղաղութեան պայմանագիրը պէտք է հիմնուած ըլլայ սահմանազատման գործընթացին վրայ։ Մենք կրնանք նաեւ զայն իբրեւ գործիք օգտագործել՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւնը բարելաւելու առումով, որ կրնայ դրական ազդակ հանդիսանալ շրջանի միւս երկիրներուն, ներառեալ, օրինակ՝ Վրաստանի տնտեսական զարգացման համար”,– նշած է Եւրոպական խորհուրդի ղեկավարը։

«Խաղաղութեան պայմանագիրը յատուկ երաշխաւոր պիտի ունենա՞յ վերահսկելու համար գոյացած համաձայնութիւնը» հարցումին՝ Միշէլ յստակ պատասխան չէ տուած, ըսելով, թէ միջազգային հանրութիւնը՝ ներառեալ Եւրոպական Միութիւնը, կը հետեւին աշխարհի այդ հատուածին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն։

«Բանավէճ կայ Նախիջեւանը Ազերպայճանին կապելու յստակ եղանակներու շուրջ»

«Վերջին ամիսներուն Արեւմուտքը շարունակ կը զգուշացնէ Ազերպայճանը՝ յարգելու Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը։ Թէ՛ Ուաշինկթըն, թէ՛ Պրիւսէլ հրապարակաւ կը յայտարարեն, թէ այդ պիտի չհանդուրժեն։ Ի՞նչ հիմք ունի այս մտահոգութիւնը» հարցումին ի պատասխան Միշէլ յայտնած է, որ թէեւ Ազերպայճանի նախագահը յայտարարած է, որ Հայաստանի նկատմամբ տարածքային նկրտումներ չունի, բայց հաղորդակցութեան ուղիներու բացման հարցին մէջ կան տարակարծութիւններ։

“Իրականութեան մէջ բանավէճ կայ Նախիջեւանը Ազերպայճանին կապելու յստակ եղանակներու շուրջ՝ նախքան համոզուիլը, որ անոնք պիտի յարգեն Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու օրէնսդրութիւնը”,– ըսած է ան։

«Հակառակ տարածաշրջանի խաղաղութեան նպաստելու Արեւմուտքի ջանքերուն՝ փաստօրէն, Եւրոպական Միութեան ու Ուաշինկըթնի միջնորդութեամբ ընթացող բանակցութիւնները ամիսէ մը ի վեր դադրած են։ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յաջորդական արդէն երեք հանդիպում մերժած է՝ տարբեր պատճառաբանութիւններով։ Այն տպաւորութիւնը չունի՞ք, որ ազերպայճանական կողմը կը ձգձգէ գործընթացը» հարցումին՝ Միշէլ պատասխանած է, որ Պրիւսէլ լաւատես է ու «կը շարունակէ նոր հանդիպում կազմակերպելու փորձերը»։