Նոյեմբեր 8-ին, Թոքիոյի մէջ համախմբուած Մեծն եօթնեակի (G7) երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարները մտահոգութիւն յայտնած են Ազերպայճանի ռազմական գործողութենէն ետք Արցախի Հայութեան հարկադրեալ տեղահանման մարդասիրական հետեւանքներով։
«Մենք կոչ կ՚ընենք Ազերպայճանին ամբողջապէս կատարելու իր պարտաւորութիւնները միջազգային մարդասիրական իրաւունքի շրջանակին մէջ։ Նաեւ՝ կ՚ողջունենք միջազգային համայնքի՝ հարկադրաբար իրենց տուներէն հեռացած մարդոց մարդասիրական կարիքներու անյապաղ բաւարարման ուղղուած ջանքերը»,– նշուած է Եօթնեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։