Նոյեմբեր 30-ին, Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սկուպի մէջ, ԵԱՀԿ-ի նախարարական 30-րդ համաժողովի շրջանակին մէջ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի հարցերու պետական նախարար Լօռանս Պունի հետ:
Քննարկուած են երկու երկիրներու միջեւ քաղաքական երկխօսութեան օրակարգին եւ առանցքային բնագաւառներու համագործակցութեան առնչուող հարցեր:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերող մարտահրաւէրներու շուրջ: Անոնք անդրադարձած են նաեւ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման միտող քայլերուն:
Նախարար Միրզոյեան ընդգծած է, թէ գործընթացը յառաջ տանելու կարելիութիւնը օգտագործելու նպատակով, Հայաստան անցեալ շաբաթ Ազերպայճանին ներկայացուցած է երկկողմ համաձայնագրի նախագծին առաջարկները:
Կողմերը խօսած են նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան հեռանկարներու շուրջ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։