Search
Close this search box.

Մահ՝ Գուրգէն Մահարիի որդւոյն՝ Գրիգոր Աճեմեանի

Գրականագէտ Արքմենիկ Նիկողոսեան Դիմագիրքի իր էջին գրառումով կը գուժէ՝ Գուրգէն Մահարիի որդւոյն Գրիգոր Աճեմեանի մահը։

«Հանգուցեալը իր կեանքի նպատակը դարձուցած էր հօրը ամբողջական երկերու հրատարակութիւնը եւ յաջողեցաւ իրականացնել այդ երազը։ Մահարիի շուրջ 40 տարուան աշխատանքը այսօր ընթերցողի սեղանին է՝ 17 հատորով, լոյս տեսած «Անտարես» հրատարակչատան կողմէ: 

Շուտով լոյս պիտի տեսնէ լրացուցիչ հատոր մը եւս, որու վրայ Աճեմեան աշխատեցաւ մինչեւ իր վերջին շունչը։

Յիշատակդ վառ, Գրիգոր Աճեմեան, իմ սիրելի ու թանկ Գուրիս, քեզ շատ պիտի կարօտնամ»,– կը գրէ Նիկողոսեան։