Search
Close this search box.

Մահ՝ ցեղասպանագէտ Իսրայէլ Չառնիի

93 տարե­կանին կեան­քին հրա­ժեշտ տո­ւած է ցե­ղաս­պա­նագէտ Իս­րա­յէլ Չառ­նի։ Լու­րը կը հա­ղոր­դեն Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ մարդկա­յին իրա­ւանց հե­տազօ­տու­թիւննե­րու մի­ջազ­գա­յին հիմ­նարկէն։

«Դոկտ. Չառ­նի ցե­ղաս­պա­նագի­տու­թեան բնա­գաւա­ռի առա­ջին ռահ­վի­րանե­րէն էր եւ մար­դկա­յին իրա­ւանց հաս­տա­տակամ ջա­տա­գո­վը։ Ան “Genocide Studies International” ակա­դեմա­կան ամ­սագրի հիմ­նա­դիր եւ խմբա­գիր­նե­րէն էր, ինչպէս նաեւ մե­ծապէս նպաս­տած է Ցե­ղաս­պա­նագէտ­նե­րու մի­ջազ­գա­յին ըն­կե­րակ­ցութեան հիմ­նադրու­թեան աշ­խա­տանքնե­րուն։

Իս­րա­յէլ Չառ­նի ցե­ղաս­պա­նու­թեան նիւ­թին շուրջ մեծ թի­ւով յօդուած­ներ գրած եւ գիր­քեր հրա­տարա­կած է (ստուար մէկ մասն ալ նուիրուած՝ Հայոց ցեղասպանութեան – «ՆՅ»), կազ­մե­լով նաեւ ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին հան­րա­գիտա­րան մը։ Անոր երեք գիր­քե­րը Ամե­րիկեան գրա­դարա­նային ըն­կե­րակ­ցութեան կող­մէ ար­ժա­նացած են հե­ղինա­կաւոր «Տա­րուան լա­ւագոյն ակա­դեմա­կան գիրք» մրցա­նակին»,– նշո­ւած է Հիմ­նարկին հրա­պարա­կած հա­ղոր­դագրու­թեան մէջ։