Search
Close this search box.

Մահուան քառասունք… Կարպիս Ափրիկեանի

Կարպիս Ափ­րի­կեանի մա­հուան քա­ռասունքն է ար­դէն…

Քա­ռաս­նօ­րեայ այս շրջա­նին, պա­տահե­ցաւ որ քա­նի մը ան­գամ «հոգ­ւոց» կար­դամ ող­բա­ցեալի հոգ­ւոյն հան­գիստին հա­մար եւ մտա­ծու­միս առար­կայ դառ­նայ պա­տուա­կան այս երա­ժիշ­տին կա­տարո­ղական արուես­տի ճգնու­թիւնը, ուր կը դրսե­ւորէր խո­րունկ զգա­ցողու­թիւն մը արուես­տի ներ­գործու­թեան ուժի։ Կը մտա­բերէի իր հա­մերգե­րը, որոնք կ՚ար­ժե­ւորէին քա­ղաքակրթու­թեան մը զօ­րու­թիւնը։ Արուես­տը ընդհան­րա­պէս, այս պա­րագա­յին, եր­գա­րուես­տը մաս­նա­ւորա­պէս, ինչպէ՞ս հրա­շագոր­ծեր է եր­բեմնի Հա­յաս­տան կո­չուած բնաշ­խարհի լեռ­ներն ու ձո­րերը, դաշ­տերն ու բլուրնե­րը, վան­քե­րը, ժո­ղովուրդի բար­քերն ու աւան­դութիւ­նե­րը, կեն­ցա­ղային սո­վորու­թիւննե­րը… յա­ջողեր է ժա­մանա­կէն դուրս բե­րել զա­նոնք եւ ան­ժա­մանա­կին մէջ տուեր է անոնց շունչ ու կեր­պա­րանք, որով հիւ­սուեր է հո­գեղէն կտա­ւը սա բնաշ­խա­հին եր­գին թե­լերով։ 

Կոր­ծա­նե՞լ այս ազ­գը…

Փոր­ձե­ցին… Հի­մա՛ ալ կը փոր­ձեն… 

Թող փոր­ձեն՝ «Հո­րովե՜լ, հօ՛…», պի­տի լսուի կեան­քին ձայ­նը այս ժո­ղովուրդին աշ­խարհի որե­ւէ մէկ ան­կիւնէն, ամէն ժա­մանակ։

Կար­պիս Ափ­րի­կեան կը հա­ւատար որ Սփիւռք-հա­յու­թեան գո­յու­թիւնը երաշ­խա­ւորուած է արուես­տի ուժի կի­րառու­մով։

Իսկ եթէ կի­րառուէ՜ր հա­ւատ­քի զօ­րու­թիւնը… փրկա­խօսու­թեան ու­ղիով…

Պար­բե­րաբար երբ կ՚եր­թա­յի Կար­պիս Ափ­րի­կեանի տու­նը երաժշտու­թիւն լսե­լու, կը խօ­սէինք նաեւ հա­ւատ­քէն, որով­հե­տեւ իր ձայ­նագրու­թիւննե­րուն մէջ լայն տեղ տուած է հո­գեւոր երաժշտու­թեան։ Ժօ­ժօ Պօ­ղոսեանի կա­տարո­ղու­թեամբ «Խոր­հուրդ խո­րին»-ը, Սոնիա Նի­կողո­սեանի «Սիրտ իմ սա­սանի»-ն, ոտնլուայի եր­գե­րը, «Սուրբ սուրբ»-ը, պա­տարա­գի եր­գե­րուն մեծ մա­սը, հո­գեզ­մայլ, բա­ցառիկ մեկ­նա­բանու­թիւններ են, նմա­նը քիչ ան­գամ լսուած։ 

Կը խօ­սէինք նաեւ այ­սօ­րուան մեր հո­գեւոր աղ­քա­տու­թե­նէն… Հե­տա­քրքրուած էր անոնցմով որոնք կ՚ար­տա­յայ­տէին իրենց հպար­տութիւ­նը առա­ջին քրիս­տո­նեայ պե­տու­թիւն եղած ըլ­լա­լու, որոնք պատ­մա­կան այս եղե­լու­թիւնը կ՚ար­տա­սանէին գոց սոր­վուած ոտա­նաւորի մը պէս, նոյ­նիսկ քա­ղաքա­կան բարձր հար­թակնե­րու վրայ։ Կը հասկնար այս հպար­տութիւ­նը։ Ան­հասկնա­լին իրեն հա­մար ամ­բողջա­կան լռու­թիւնն էր երկրին այ­սօ­րուան քրիս­տո­նեայ հո­գեվի­ճակին մա­սին։

Հա­մար­ձա­կու­թիւն չու­նինք ներ­կա­յիս իս­կա­պէս խոս­տո­վանե­լու թէ ի՞նչ կ՚ընենք, ո՞ւր ենք ազ­գո­վին, որ­պէս առա­ջին քրիս­տո­նեայ պե­տու­թիւն, քա­ւելու տե­սակէ­տէն մեր մեղ­քե­րը, երբ կ՚ամչնանք խօ­սելու ան­գամ ապաշ­խա­րու­թեան շնոր­հէն, յան­ցանքնե­րու թո­ղու­թե­նէն, ո՞ւր է ար­ժէ­քը այն ատեն այդ հպար­տութեան, երբ մնա­ցեր ենք ամէնէն անա­պաշ­խարհ ժո­ղովուրդնե­րէն մին քրիս­տո­նեայ այ­սօ­րուան աշ­խարհի ժո­ղովուրդնե­րուն մէջ։

Վեր­ջա­պէս կը խօ­սէինք Ֆրան­սա­յի մեր եկե­ղեց­ւոյ կեան­քէն։ Կը գան­գա­տէր Շա­ւարշ Մի­սաքեանէն որ կը թե­լադ­րէ եղեր կու­սակցա­կան­նե­րուն չզբա­ղիլ եր­բեք եկե­ղեց­ւոյ բան­կա­լի տաղ­տուկնե­րով։ Հա­կառա­կը կը մտա­ծէր ինք։ Իր մտքին մէ­ջինը բան­կա­լի տաղ­տուկը չէ եղած, այլ ծխա­կանին վար­չա­կան բա­ժինը։

Բախ­տը ու­նե­ցայ առաջ­նորդա­կան տա­րինե­րուս, ներ­կայ գտնուելու վեր­ջին՝ հրա­ժեշ­տի հա­մեր­գին եւ պար­գե­ւատ­րե­լու զինք Թե­մի «Սուրբ Վար­դան Մա­միկո­նեան» ոս­կե­ձոյլ շքան­շա­նով։ Հո­գեպէս բա­ւարա­րուած էի այս մե­ծարան­քէն։

Այդ գի­շեր յու­զումի մեծ պահ մըն էր Մաէսթրո­յին հա­մար փո­խան­ցել ճիպոտը պա­րոն Հայկ Սար­գի­սեանին։ Սի­րահա­րէ մը բաժ­նուելու ցա­ւին պի­տի հա­ւասա­րէր ճի­պոտէն այս բա­ժանու­մը։ Բայց առիւծ մըն էր պա­րոն Կար­պիս Ափ­րի­կեան, ինչպէս պի­տի ըսէր իր զա­ւակը՝ Կո­րիւն, յու­ղարկա­ւորու­թեան դամ­բա­նակա­նին մէջ։ Այդ ցա­ւին դի­մացող մարդն էր ան։

Ու­րիշ բախտ մըն ալ ու­նե­ցայ, որով­հե­տեւ Սի­փան-Կո­միտաս երգչա­խումբը եր­բեք օր մը իր կա­տարո­ղու­թեամբ մաս­նակցած չէր Փա­րիզի Սուրբ Յով­հաննէս-Մկրտիչ առաջ­նորդա­նիստ մայր եկե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցուած սուրբ պա­տարագ­նե­րուն։ Դար­ձեալ առաջ­նորդա­կան տա­րինե­րուս, առա­ջին եւ վեր­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով, Կար­պիս Ափ­րի­կեանի խմբա­վարու­թեամբ՝ Սի­փան-Կո­միտաս երգչա­խումբը առի­թը ու­նե­ցաւ մաս­նակցե­լու պա­տարա­գի եր­գե­ցողու­թեան եւ ար­ձա­նագ­րե­լու իր տա­րեգ­րութեան մէջ, յի­շատա­կելի սրբա­զան այդ պա­հը։

Քաղցր յի­շատակ­նե­րու հա­մեստ այս խօս­քը, թող հա­մարուի որ­պէս սրտի պարտք Կար­պիս Ափ­րի­կեան նուիրեալի մա­հուան քա­ռասունքին առթիւ։

Նորվան Արքեպիսկոպոս Զաքարեան

Փարիզ, 21 Նոյեմբեր 2024