Սեպտեմբեր 30-ին, նախագահութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի, տեղի ունեցած է նորօրհնեալ Սրբալոյս միւռոնի բաշխման արարողութիւնը:
Տէրունական աղօթքէն ետք, ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Մայր Աթոռի դիւանապետ Արշակ արքեպիսկոպոս Խաչատրեան` արձանագրելով, որ Միւռոնօրհնէքի եւ Մայր տաճարի վերաօծման արարողութիւնները բարեյաջող ընթացած են՝ հոգեւոր մխիթարութիւն ու խանդավառութիւն պարգեւելով ամէնուն:
Այնուհետեւ Վեհափառ հայրապետը Սուրբ միւռոնով լի անօթները յանձնած է Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան ներկայացուցչներուն եւ արարողութեան մասնակից թեմակալ առաջնորդներուն:
Արարողութիւնը աւարտած է Գարեգին Բ. կաթողիկոսի օրհնութեամբ ու պատգամով:
Իր խօսքին մէջ ան վստահութիւն յայտնած է, որ Մայր Աթոռէն բաշխուող Միւռոնը Աստուծոյ երկնառաք շնորհներով հոգեւոր նորոգութիւն ու զօրութիւն պիտի պարգեւէ հայ ժողովուրդին եւ Քրիստոսի Սուրբ անունը փրկութեան յոյսով միշտ պիտի միաւորէ ու համախմբէ ազգի զաւակները:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։