Սեպտեմբեր 9-ին, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոս ընդունած է զուիցերահայ գործարար եւ բարերար Վահէ Կապրաշը։ Վերջինս համաքրիստոնէական սուրբ Վլաս եպիսկոպոս Սեբաստացիի (Գ.-Դ. դարեր) մասունքը ընծայած է Սուրբ Էջմիածնին։ Ան ուրախութեամբ ընդգծած է, թէ հայազգի սուրբին մասունքը կը նուիրէ Միւռոնօրհնութեան եւ Մայր տաճարի վերաօծման պատմական առիթով։
Գարեգին Բ. գոհունակութեամբ արձանագրած է այն օգտաշատ ծառայութիւնները, զորս մեծանուն բարերարը շարունակաբար կը մատուցէ հայրենիքին եւ Հայոց եկեղեցւոյն։
Սուրբ Վլաս եպիսկոպոսի մասունքարանը ի պահ յանձնուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գանձատան, ուր այցելու հաւատացեալ ուխտաւորները առիթը պիտի ունենան հաղորդակից դառնալու սուրբի մասունքներէն ճառագայթող օրհնութեան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։