Հայ-ամերիկեան արշաւախումբը Մասիս բլուրի նորաքարային (neolithic) պեղումներու ժամանակ յայտնաբերած է Ք.ա. 4-րդ հազարամեակին թաղուած երեխայի մը աճիւնը։ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի տնօրէն Փաւել Աւետիսեան Դիմագիրքի իր էջին տեղադրած գրառումով անդրադառնալով այս բացառիկ յայտնաբերումին կ՚ըսէ.
«Սա արտակարգ նշանակութիւն ունեցող փաստ մըն է. ADN-ի քննութիւնները կու գան ամբողջացնելու Արաքսէն դէպի հիւսիս գտնուող տարածքներուն մէջ բնակող նորաքարային հանրութիւններու մասին մեր պատկերացումները։ Այս պահուն գործակիցներս կը շարունակեն “փոքրիկի” կմախքը մաքրելու աշխատանքները»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։