Մարտ 28-էն Ապրիլ 1, Եւրոհայկական 24-րդ խաղերը Սպանիոյ Պարսելոնա քաղաքին մէջ համախմբեցին 600 մասնակիցներ, 16 եւրոպական երկիրներէ։ Պարսելոնայի փոքր համայնքը աշխուժ է, երիտասարդ եւ նախաձեռնող։ Երկրորդ անգամ ըլլալով կը կազմակերպէ Եւրոհայկական խաղերը, որոնք պսակաձեւ ժահրի համաճարակէն ի վեր ընդհատուած էին։ Մաս կը կազմէ Սպանահայութեան, որ կազմուած է, մեծ մասամբ Հայաստանէն վերջին շրջանին արտագաղթած հայերէ։ Կը հաշուէ շուրջ 4000 հոգի։
Սփիւռքահայութեան պատմութեան մէջ, Սփիւռքի ուսումնասիրութիւններէն զարմանալիօրէն աննկատ մնացած են մարզանքն ու մարզախաղերը, իբր սփիւռքահայու հայկականութեան որոնումի միջոց, ոմանց համար ալ հայկականութիւնը արտայայտելու միջոց, երիտասարդները իրարու միացնող, գրաւող ազդակ, անդրազգայնութեան կռուան։ Միշտ լեզուն, դպրոցը, եկեղեցին, մշակոյթը, Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը եւ վերջին շրջանին Հայաստանի քաղաքական անցուդարձերն են որոնք առաջնակարգ տեղ գրաւած են։
600 մասնակից, 31 պատուիրակութիւններու մէջ բաշխուած, որոնք կը ներկայացնեն մեծ ու փոքր ակումբներ, մշակոյթի տուներ, դպրոցներ, միութիւններ … մեծագոյններէն՝ ՀԲԸՄ-ը, ՀՄԸՄ-ը, որոնք մի քանի մասնաճիւղեր ունին զանազան երկիրներու մէջ, իսկ՝ փոքրերէն՝ Ֆրանսայի Մոնփըլիէ քաղաքի հայկական միութիւնը…։ Անհատական մասնակցութիւնն ալ կարելի է, որովհետեւ անհատական մարզաձեւեր ալ մաս կը կազմեն ծրագրին։
Մարզախաղերը, ըստ երեւոյթին միջսփիւռքեան յարաբերութիւններու մեծագոյն արտայայտութիւնն են. սփիւռքեան ոչ մէկ այլ միջոցառում այսքան մեծ մասնակցութիւն ապահոված է։ Հայկականութեան պահանջն է, որ երիտասարդները կը մղէ իրարու հետ տեսնուելու, մրցելու, խաղալու։ Յատկանշական է ամենայն բնականութեամբ, միասին երկու-երեք օրերու ընթացքին հաւաքական պահեր անցընելու համար այսպէս քով-քովի եկածներու լեզուներու, մշակոյթներու, սովորութիւններու, տարիքներու հոն ի յայտ եկող խառնարանը։ Ներկայի համածիրին մէջ բնականաբար մարզախաղերը առաջին դիրքը կը գրաւեն իբրեւ համախմբման ազդակ, սակայն մշակութային ազդակներն ալ անպակաս են։ Երեկոները եւս գրաւիչ ու սպասուած պահեր են, ուր հայկական երգն ու պարը հաւաքներուն նոյնքան հիմնական նպատակը կը դառնան։ Բայց նաեւ եզակի անկնկալներու առիթներ կը ստեղծուին, ինչպէս որ պելճիքահայերը առաջին իրիկունը շուրջ 100 հոգիի համար «չիքէօֆթէ» պատրաստեցին, թմբումով ու երգով համեմելով երեկոյթը մինչեւ ուշ գիշեր։
Նոյնիսկ Հայաստան-Սփիւռք համագումարները հազիւ թէ նոյն թիւով մասնակցութիւն ապահովեն։ Թերեւս, միակ նախաձեռնութիւնը որ կը գերազանցէ՝ չորս տարին անգամ մը տեղի ունեցող Համահայկական ամառնային խաղերն են, որոնք նոյնպէս մարզական ոլորտին մաս կը կազմեն։ 2023-ի Համահայկական խաղերը համախմբած էին 7 000 մասնակից՝ 41 երկրէ, 181 քաղաքէ. Հայաստանի խումբերն ալ հաշուելով՝ մասնակիցներու թիւը կը հասնի շուրջ 10 000-ի։ Եւրոհայկական խաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբը մաս կը կազմէ Հայաստանի Համահայկական խաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբին։
Սփիւռքահայութեան կազմակերպչական կարողականութեան հետաքրքրական ցուցիչ մըն են Եւրոհայկական խաղերը. այդ կարողականութիւնը տարիներու ընթացքին ամրացած է եւ ընդունուած գրեթէ բոլոր քաղաքական եւ ոչ-քաղաքական կազմակերպութիւններու կողմէ։ Նիւթապէս ինքնաբաւ է, քանի որ կը մասնակցին անոնք որոնք կարող են նիւթապէս ապահովելու իրենց սեփական ծախսերը։
Դարերու խորքէն եկած մշակոյթ են մրցախաղերը, մարզանքը, որոնք չեն պահանջեր հայկական մասնաւոր իւրայատկութիւն. տիեզերական, համամարդկային հնարքներ են, պահանջ։ Թերեւս ալ այս իւրայատկութիւնն է՝ ազգային պատկանելիութենէ զերծ ըլլալու հանգամանքը, որ կը գրաւէ երիտասարդները. կրօնքէն, լեզուէն, աւանդութիւններէն, կաշկանդումներէն ձերբազատուած՝ անկաշկանդ, ազատօրէն յարաբերելու, նոր ընկերութիւն, նոր հայկական ազատ միջավայր յայտնաբերելու համար։ Համացանցի, ընկերային ցանցերու դարուն, մարզանքը կը
մնայ երիտասարդներուն համար գրաւիչ, զանոնք քով-քովի բերող, ընկերութիւն ստեղծող, առողջութեան, կամքի, ուժի ու կարողութեան ցուցիչ, գեղեցիկի, գրաւիչի, հերոսի, ախոյեանի ստորոգելի։ Համացանցի գերիշխանութիւնը հաւասարակշռող ու զսպող միջոց։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։