Search
Close this search box.

ՄԱՐՍԻԼԻԱ – Բացման հանդիսաւոր արարողութիւն՝ Սողոմոն Թեհլիրեանի կիսանդրիի

Ինչպէս արդէն գրած էինք Մարտ 9-ի մեր թիւով (1989), Մարսիլիոյ հայաշատ,– չըսելու համար հայկական,– Պօմոնի մէջ (12-րդ թաղամաս), Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ առջեւ գտնուող հրապարակին վրայ տեղադրուած է Հայոց ցեղասպանութեան անուանի վրիժառու Սողոմոն Թեհլիրեանի կիսանդրին։ 

Յուշարձանին հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Մարտ 15-ին, բարձր հովանաւորութեամբ Պուշ-տիւ-Ռոն նահանգի, Էքս-Մարսիլիա-Փրովանս մեթրոփոլի նախագահուհի Մարթին Վասալի, ներկայութեամբ՝ խորհրդարանականներու եւ այլ ընտրեալներու, կրօնականներու, Մարսիլիոյ Համազգայինի ճեմարանի աշակերտներուն՝ խուռներամ շարքերով՝ Արցախի եւ Հայաստանի դրօշակները պարզած, եւ քանի մը հարիւր հոգինոց բազմութեան մը։

Ներկաներէն յիշենք  ծերակուտական Վալերի Պուայէն, երեսփոխան Տիտիէ Բարակեանը,– որ կը ներկայացնէր Մարթին Վասալը,– Մարսիլիոյ մէջ Հայաստանի աւագ հիւպատոս Արա Մկրտչեանը, ինչպէս նաեւ CCAF-ի ազգ. գրասենեակի համանախագահ Մուրատ Փափազեանը, CCAF-ի հարաւային գրասենեակի համանախագահներ Օռոր Պրիւնան, Ժուլիէն Հարունեանը եւ Ազատ Պալալասը:

Հանդիսութիւնը սկսաւ՝  Պօմոնի հայկական եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի նախագահ Ժիլպեր Տէրտէրեանի եւ Արշէն քհնյ. Մովսէսեանի անունով՝ Ռոպէր սրկ. Տէր Բարսեղեանի ողջոյնի խօսքով։

Ֆրանսայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր վրդ. Խաչատրեանի տնօրինութեամբ՝ Ռոպէր սարկաւագ ընթերցեց նաեւ քանի մը աստուածաշնչեան հատուած՝ ի յիշատակ Սողոմոն Թեհլիրեանի։

Արարողութիւնը շարունակուեցաւ ելոյթներու բաժնով։

Եւ ինչպէս կ՚ըսէ ծանօթ ասացուածքը՝ Աստծոն՝ Աստուծոյ, Կեսարինը՝ Կեսարին, պէտք է նշել, որ յուզիչ եւ խորհրդանիշերով լի այս արարողութիւնը պտուղն էր Մարսիլիոյ 11-12-րդի թաղապետ Սիլվէն Սուվեսթրի, անոր առաջին տեղակալ Ֆիլիփ Խոզեանի եւ Սուրբ Ղազարի շքանշանի ասպետ Օհան Հեքիմեանի գլխաւորած աշխատանքին։

Կիսանդրիին հեղինակն է Հայաստանէն Ֆրանսա գաղթած վարպետ քանդակագործ Րաֆֆի Թումանեան։ Յուշակոթողը, որ անոր 60-օրեայ աշխատանքին արգասիքն է, կոփուած է Ֆրանսայի Լանս քաղաքի անունով ծանօթ սպիտակ քարէ, որ կը յիշեցնէ մարմարը. կը կշռէ 900 քկ.:

Այս կիսանդրին յարգանքի տուրք մը ըլլալէ անդին Սողոմոն Թեհլիրեանի յիշատակին, վառ ապացոյց մըն է, որ ան ներկայ է Հայոց յիշողութեան մէջ եւ միւս բոլոր հերոսներուն նման յաւերժօրէն պիտի ապրի անոնց սրտերուն մէջ։