Search
Close this search box.

ՄԱՐՍԻԼԻԱ – Համազգայինի ճեմարանի նոր շէնքի բացման արարողութիւնը

Վերամուտէն ընդամէնը քանի մը օր ետք՝ Շաբաթ, Սեպտեմբեր 14-ին, ջերմ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցած է 1980-ին հիմնադրուած Համազգայինի ճեմարանի նոր շէնքի բացումը։

Վարժարանը, որ կը գտնուի հայկական Պօմոն թաղամասի սրտին վրայ, կ՚ընդունի մանկապարտէզէն մինչեւ 12-րդ դասարանի աշակերտներ եւ կ՚ապահովէ հայերէնի ուսուցում բոլոր դասարաններուն:

Այս ստուար գործունէութիւնը վարժարանu ստիպած է կրկնապատկելու դասարաններու թիւը՝ մանկապարտէզէն մինչեւ 12-րդ դասարան, ինչ որ թոյլ պիտի տայ նաեւ կրկնապատկել գեղարուեստական ​​եւ մարզական գործունէութեան կարելիութիւնները:

Ռընօ Միւզըլիէի գլխաւորած Հարաւի շրջանը ընդարձակման այս ծրագրի իրագործման նպատակին տրամադրած է 400.000 եւրոյի նպաստ մը։ «Կեսարին իրաւունքը՝ Կեսարին»-ի սկզբունքով անհրաժեշտ է յիշել հոս, նա՛եւ Շրջանի խորհրդական Օրոր Պրիւնայի անունն ալ, որ այս ծրագիրը Ռընօ Միւզըլիէին ներկայացնողը, այդ մասին բարեխօսողը եղած է։

Վալերի Պուայէ կ՚արտասանէ իր խօսքը

Բացման արարողութեան, ի շարս բազմաթիւ այլ անձնաւորութիւններու՝ ներկայ եղած են Շրջանի ծերակուտական Վալերի Պուայէ եւ Պօմոնի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արշէն քհնյ Մովսիսեան։ 

Հանդիսաւոր արարողութենէն ետք տեղի ունեցած է հիւրասիրութիւն մը եւ ներկաները առիթը ունեցած են այցելելու նոր շէնքը: