Յուլիս 12-ին Մարսիլիոյ հանրապարտէզներէն մէկը վերանուանուած է Շառլ Ազնաւուրի անունով՝ անոր ծննդեան հարիւրամեակին առիթով։
Մարսիլիոյ քաղաքապետարանը X ընկերային ցանցի իր հաշիւին՝ այս մասին կը գրէ.
«Շառլ Ազնաւուրի ծննդեան հարիւրամեակին առիթով՝ Մարսիլիոյ քաղաքապետ Պընուա Փայան քօղազերծեց երկու յուշատախտակ՝ արուեստագէտին անունը տալով Maison Blanche-ի հանրապարտէզին, որ կը գտնուի իր իսկ տնկած ձիթենիէն հազիւ քանի մը մեթր հեռաւորութեան վրայ»։
Կարճ տեսանիւթի կապը ստորեւ.
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։