Յուլիս 6-ին, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունած է Մարսիլիոյ Համազգային եւ Ռենսիի Դպրոցասէր վարժարաններու աշակերտները` ուղեկցութեամբ բարերար Սարգիս Պետոյեանի:
Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ ընդգծած է, որ համաճարակի պատճառով հայկական երկու վարժարաններու սաներու ընդհատուած տարեկան այցելութիւնները հայրենիք եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին վերականգնուած են, արձանագրելով որ՝ անոնք կը նպաստեն հայրենաճանաչութեան եւ հայրենի իրականութեան հաղորդ դառնալուն:
Հետաքրքրուելով վարժարաններու աշակերտութեան ուսումնառութեամբ՝ Գարեգին Բ. յորդորած է հայորդիներուն, այցելութեան շրջանակին մէջ իրենց ստացած տպաւորութիւններով խանդավառուած, ջանասիրութեամբ շարունակել ուսումը եւ դառնալ արժանաւոր զաւակները իրենց ժողովուրդին, բարձր պահելով հայու անունն ու պատիւը Ֆրանսայի մէջ:
Հայոց Հովուապետը սաներուն պատգամած է նաեւ զօրացնել իրենց կապը Եկեղեցիին հետ եւ մնայուն կերպով հաղորդ ըլլալ ազգային արժէքներուն, որպէսզի կարելի ըլլայ անխաթար պահպանել Հայու ինքնութիւնը:
Հանդիպումին, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը իր գնահատանքը յայտնած է բարերարին, վարժարաններու տնօրէններուն, ուսուցչական անձնակազմին եւ հոգաբարձուներուն` Հայաստան եւ Մայր Աթոռ այցելութիւնները կազմակերպելնուն համար:
Իրենց կարգին աշակերտները հանդէս եկած են երաժշտական կատարումներով եւ արտասանութիւններով` հաճելի անակնկալ մատուցելով Վեհափառ հայրապետին:
Աւարտին, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը «Պահպանիչ» աղօթքով իր օրհնութիւնը բաշխած է ֆրանսահայ աշակերտներուն:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։