Հոկտեմբեր 9-ին, Հայաստանի խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ Լոնտոնի մէջ կազմակերպուած է հայկական գինիները ճաշակելու ձեռնարկ, որուն մասնակցած են տարբեր գինեգործներ ու փորձագէտներ, որոնք իրենց մասնագիտական կարծիքը յայտնած են հայկական գինիներու որակի մասին՝ զայն բարձր գնահատելով։
Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեան իր ելոյթին ընդգծած է նման միջոցառման կարեւոր ազդակը՝ հայկական գինիները բրիտանացի հասարակութեան ծանօթացնելու տեսանկիւնէն։ Ան նշած է, թէ Հայաստանի մէջ լայն թափ առած է հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող գինեգործութիւնը՝ գրաւելով նորանոր շուկաներ։
Դեսպանը յոյս յայտնած է, որ նմանատիպ ձեռնարկներու շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ զարկ տալ հայկական գինիներու՝ Միացեալ Թագաւորութիւն արտադրութեան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։