Ազերիներու առեւանգած երկրորդ Արցախցին՝ Ռաշիդ Բեգլարեան
Յուլիս 29-ին, ազերպայճանցի սահմանապահները Հակարիի անցակէտին Կարմիր խաչի կառքէն իջեցուցած եւ առեւանգած էին ասկերանցի Վագիֆ Խաչատրեանը, որ սրտի հրատապ վիրահատութեան համար Երեւան կը փոխադրուէր։
Օգոստոս 1-ի երեկոյեան ալ հետիոտն Հայաստան երթալու ճամբուն վրայ, Աղաւնոյ գիւղի շրջակայքին ազերպայճանցի զինուորներուն կողմէ բռնի ուժի գործադրութեամբ առեւանգուած եւ անհետացած է Ասկերանի շրջանի Խնձրիստան գիւղի բնակիչ Ռաշիդ Բեգլարեանը։
Հայաստան դիմում ներկայացուցած է Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեան՝ Խաչատրեանի եւ Բեգլարեանի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ Ազերպայճանի նկատմամբ միջանկեալ միջոց կիրարկելու պահանջով։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։