Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ, Յուլիս 17-20 աշխատանքային այցով մեկնած է Միացեալ Թագաւորութիւն՝ Լոնտոն, մասնակցելու համար հոնկէ շուրջ հարիւր քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Օքսֆորտշայրի Պլենհայմ պալատին մէջ կայացող Եւրոպական քաղաքական համայնքի 4-րդ համաժողովին:
Միացեալ Թագաւորութեան մէջ վարչապետը շարք մը երկկողմ հանդիպումներ ալ ունեցած է տարբեր երկիրներու առաջնորդներու հետ:
Այս համաժողովին կը մասնակցէր նաեւ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։ Ըստ երեւոյթին, բրիտանական կողմը փորձած է կազմակերպել հանդիպում մը անոր եւ Փաշինեանի միջեւ։
Սակայն, փորձը չէ յաջողած եւ Յուլիս 18-ին Երեւան եւ Պաքու զիրար ամբաստանած են այդ հանդիպման տապալման մեղադրանքով։
Նախ ազերպայճանական կողմը՝ յանձին նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի՝ պնդած է, թէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մերժած է երկու երկիրներու առաջնորդներու հանդիպում կազմակերպելու Լոնտոնի առաջարկը։
Մէկ ժամ ետք Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հակազդած է, նշելով թէ «Հայկական կողմը առաջարկած է Հայաստանի վարչապետի եւ Ազերպայճանի նախագահի երկկողմ հանդիպում՝ Եւրոպական քաղաքական համայնքի համաժողովի շրջանակին մէջ, սակայն ազերպայճանական կողմը մերժած է առաջարկը, որ կը շարունակէ մնալ ի զօրու: Հայկական կողմը նաեւ կը վերահաստատէ իր առաջարկը` աշխուժացնել բարձրագոյն մակարդակով բանակցութիւնները եւ մէկ ամսուան ընթացքին հասնիլ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրութեան»։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։