Search
Close this search box.

ՄԻԱՑԵԱԼ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ – Հայաստանի դեսպանատան նոր շէնքին բացման պաշտօնական արարողութիւնը

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի՝ Միացեալ Թագաւորութիւն (ՄԹ) պաշտօնական այցի ծիրէն ներս, Նոյեմբեր 13-ին տեղի ունեցած է Լոնտոնի մէջ Հայաստանի դեսպանատան նոր շէնքին բացման արարողութիւնը, որուն Միացեալ Թագաւորութեան կառավարութեան անունով մասնակցած է Գործարարութեան եւ առեւտուրի պետական նախարար Թիմըթի Մինթօ։

Հանդիսութեան ներկայ եղած են նաեւ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեան, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իռլանտայի Հայոց թեմի առաջնորդ, Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեան, Միացեալ Թագաւորութեան Արտաքին, համագործակցութեան եւ զարգացման նախարարութեան ներկայացուցիչներ, հայ համայնքի անդամներ։

Նախարարներ՝ Մինթօ եւ Միրզոյեան հանդէս եկած են ողջոյնի եւ շնորհաւորական խօսքով։ Վերջինս մասնաւորապէս նշած է. “Շուրջ երեք տասնամեակ Հայաստան եւ Միացեալ Թագաւորութիւն ջանքեր գործադրած են երկկողմ յարաբերութիւնները զարգացնելու ուղղութեամբ: Լոնտոնի սիրտին վրայ գտնուող այս շէնքին մէջ Հայաստանի դեսպանութեան տեղակայումը կ՚ապացուցէ մեր պատրաստակամութիւնը խորացնելու եւ նոր թափ հաղորդելու հայ-բրիտանական յարաբերութիւններուն` ի շահ մեր երկու ժողովուրդներուն”։