Search
Close this search box.

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ – Ազերպայճանի վայրագութիւններու մասին պատմող Արցախէն տեղահանուած լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեանի լուսանկարները կը ցուցադրուին ԱՄՆ-ու Գոնկրէսին մէջ  

Սեպտեմբեր 18-ին, ԱՄՆ-ու Գոնկրէսի «Russell Senate Office Building rotunda» սրահին մէջ բացումը կատարուած է արցախցի լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեանի լուսանկարներու ցուցահանդէսին։

Ցուցահանդէսը կը պատմէ 2020-ին Արցախի դէմ Ազերպայճանի սանձազերծած պատերազմի, ինչպէս նաեւ` Արցախի շրջափակման ու ցեղային զտման մասին։ Համազգայինի Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հերմինէ Աւագեան շնորհակալութիւն յայտնած է ԱՄՆ-ու Հայ դատի կեդրոնական յանձնախումբին այս կարեւոր նախաձեռնութեան օժանդակելուն համար։

Ան ներկայացնելով ցուցահանդէսին նպատակը ըսած է.

“Մենք կրնայինք այսօր հոս չըլլալ, բայց մեր հայրենի բնօրրանին մէջ տեղի ունեցած մեծ անարդարութիւնը մեզ բերաւ հոս։ Մենք երկրէ մըն ենք, ուր Ազերպայճանի ձեռքով եւ աշխարհի աչքին առջեւ տեղի ունեցաւ ցեղասպանութիւն։ Այս ցուցահանդէսը սթափութեան կոչ է։ Կ՚ուզենք հաւատալ, որ ԱՄՆ-ու Գոնկրէսը, հետամուտ ըլլալով իր որդեգրած մարդկային սկզբունքներուն եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան, պիտի չզլանայ սթափելու եւ երեւոյթները իրենց իսկ անունով կոչելու։ Կ՚ուզենք նաեւ շեշտել, որ մենք պիտի չդադրինք պայքարելէ յանուն արդարութեան եւ յանուն մեր իրաւունքներու վերականգնման”։