Search
Close this search box.

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ – Արցախի Արտաքին գործոց նախարարին հանդիպումները

 

Սեպտեմբեր 16-ին Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում ունեցած է ԱՄՆ-ու Արեւելեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավար կազմին հետ՝ գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանի գլխաւորութեամբ։

Սեպտեմբեր 17-ին կայացած է նախարարին հանդիպում-քննարկումը ԱՄՆ-ու Հայ դատի յանձնախումբի՝ դաշնակցային քաղաքականութեան վերաբերեալ սեմինարի մասնակիցներուն հետ:

Նոյն օրը Ուիլսընի տուն-թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է Արցախի անվտանգութեան ու ազատութեան նուիրուած ձեռնարկը, ուր նախարարը ելոյթ ունեցած է։

Ներկաները միտքեր փոխանակած են Արցախի մէջ տիրող իրավիճակին, արտաքին քաղաքականութեան, տարածաշրջանային գործընթացներուն եւ ներհայկական կապերուն վերաբերող նիւթերու շուրջ։

Բաբայեան դասախօսած է Ճորճ Ուաշինկթըն համալսարանի մէջ

Սեպտեմբեր 19-ին, նախարար Դաւիթ Բաբայեան «Ղարաբաղեան հիմնախնդիր․ աշխարհաքաղաքական եւ ցեղաքաղաքական ախտորոշում» նիւթին շուրջ  դասախօսած է Ճորճ Ուաշինկթըն համալսարանին մէջ։

Ան նոյն օրը մասնակցած է Ամերիկեան Էնթերփրայզ հիմնարկին մէջ կազմակերպուած կլոր սեղանին։

Նախարարը անդրադարձած է Արցախեան խնդրին, հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին, Արցախի արտաքին քաղաքականութեան, տարածաշրջանային եւ համընդհանուր աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն, եւ պատասխանած՝ ներկաներու հարցումներուն։

Ան ընդգծած է նման հանդիպումներու կարեւորութիւնը՝ տարբեր գործընթացներու վերաբերեալ ճիշդ եւ համապարփակ պատկերացում կազմելու եւ որոշումներու կայացման ընթացքին զանոնք կիրարկելու տեսանկիւններէն։

Նշենք, թէ հանդիպումներուն մասնակցած են նաեւ Արցախի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի և մարզանքի փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան եւ ԱՄՆ-ու եւ Գանատայի մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Ռոբերտ Աւետիսեան։