Search
Close this search box.

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ – Հարվըրտ համալսարանին մէջ քննարկուած է հայագիտութեամբ հետաքրքրուող ուսանողներուն համար ամառնային դասընթացքներ կազմակերպելու կարելիութիւնը

 

Հարվըրտի մէջ

«Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանի պատուիրակութիւնը՝ տնօրէն Արա Խզմալեանի գլխաւորութեամբ, Միացեալ նահանգներ կը գտնուի՝ Նիւ Եորքի եւ Պոսթընի հայագիտական ամպիոններու, թանգարաններու պատասխանատուներու եւ բարերարներու հետ քննարկելու գիտական ու գործնական կապերու ընդլայնման կարելիութիւնները։

 

Թանգարանին մէջ

Սեպտեմբեր 9-ին, պատուիրակութիւնը այցելած է Ամերիկայի հայկական թանգարան (Պոսթըն), ուր հանդիպում ունեցած է գործադիր տնօրէն Ճեյսըն Սոհիկեանի եւ վերջինիս աշխատակիցներուն հետ, ծանօթացած ցուցադրուած հաւաքածոներու երկու տասնեակէ աւելի նորոգուած մատեաններուն:

 

Պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է նաեւ բարերար, դոկտ. Նուպար Աֆէեանի հետ, ներկայացուցած Մատենադարանի ընթացիկ եւ հեռանկարային գործունէութիւնը եւ քննարկած համագործակցութեան ուղղութիւնները:

Աֆէեանի հետ

Այնուհետեւ Հարվըրտ համալսարանի հայագիտութեան ամպիոնի փրոֆ. Քրիսթինա Մարանցիի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է Մատենադարանի պատուիրակութեան հանդիպումը համալսարանի դասախօսական կազմին հետ։

Հանդիպումին քննարկուած  է Հարվըրտի մէջ հայագիտութեամբ հետաքրքրուող ուսանողներու համար ամառնային դասընթացքներ կազմակերպելու կարելիութիւնը, որ խթան կը հանդիսանայ համալսարանին մէջ հայագիտութեան զարգացման հեռանկարներուն: