Search
Close this search box.

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ – Տանըլտ Թրամփ. «Սուրիոյ մէջ կատարուածի ետին կանգնած է Թուրքիա»

ԱՄՆ-ու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի կարծիքով՝ Թուրքիա կանգնած է Սուրիոյ մէջ նախագահ Պաշար ալ Ասատը տապալած զինեալ ապստամբներու խումբին ետին: Ան պնդած է, թէ Անգարա «անբարեացակամօրէն գրաւած է» իր դրացիին երկիրը: Լուրը կը հաղորդէ Financial Times:

Ան՝ Ֆլորիտայի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընդգծած է, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «խելացի է եւ շատ կոշտ» եւ կրցած է Անգարան դարձնել Սուրիոյ մէջ Ասատի տապալումէն ետք ամէնէն կարեւոր արտասահմանեան  դերակատարը:

“Ո՛չ ոք գիտէ, թէ ո՛վ կեցած է (Սուրիոյ նոր իշխանութիւններու) ետին, բայց ես գիտեմ՝ Թուրքիան է, ան կեցած է այս ամէնուն ետին: Անոնք այդ կ՚ուզէին հազարաւոր տարիներէ ի վեր եւ ստացան իրենց ուզածը: Մարդիկ, որոնք մուտք գործեցին Սուրիա, կը վերահսկուին Թուրքիոյ կողմէ”,– ըսած է Թրամփ։