Search
Close this search box.

ՄԻԵԱ-ն՝ Վագիֆ Խաչատրեանի վերաբերեալ Ազերպայճանէն տեղեկութիւն կը պահանջէ

Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանը (ՄԻԵԱ) մինչեւ Օգոստոս 8 ժամանակ տուած է Ազերպայճանին՝ Վագիֆ Խաչատրեանի վերաբերեալ տեղեկութիւններ տրամադրելու համար։

«Ազերպայճան պարտաւոր է Ատեանին տեղեկութիւններ հաղորդելու այդ անձին գտնուելու վայրին, պահուելու պայմաններուն, առողջական վիճակին, ստացած բժշկական օգնութեան եւ հնարաւոր վերադարձին մասին»,– նշուած է ՄԻԵԱ-ի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։