Search
Close this search box.

Մինչեւ ե՞րբ հաւատարիմ եղբայրութեան հաւաստիքը

Կա­զայի պա­ղես­տինցի­ներուն վրայ Իս­րա­յէլի գոր­ծած ցե­ղաս­պա­նական յար­ձա­կումնե­րը պի­տի խա­թարե՞ն թուրք եւ ազե­րական «մէկ ազգ՝ եր­կու պե­տու­թիւն» ռազ­մա­վարա­կան դա­շին­քը։ Յու­լիս 28-ին, Թուրքիոյ նա­խագահ Էր­տո­ղանի յայ­տա­րարու­թիւնը, թէ «թրքա­կան ու­ժե­րը կրնան մտնել Իս­րա­յէլ՝ օգ­նե­լու հա­մար պա­ղես­տինցի­ներուն, ինչպէս որ մտան Լի­պիա եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րաբաղ», Ազեր­պայճա­նի կող­մէ խիստ հա­կազ­դե­ցու­թեան ար­ժա­նացած է, Պաշտպա­նու­թեան նա­խարա­րու­թեան բարձրաս­տի­ճան ներ­կա­յացու­ցչի մը բեր­նով. «Ազեր­պայճա­նի տա­րած­քա­յին ամ­բողջա­կանու­թեան եւ ինքնիշ­խա­նու­թեան վե­րականգնման մի­տող ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւննե­րու մէջ որե­ւէ երկրի զի­նեալ ու­ժե­րու մաս­նակցու­թեան մասին յայ­տա­րարու­թիւննե­րը ան­հիմն են… 44-օրեայ պա­տերազ­մին Թուրքիա եւ Փա­քիս­տան քա­ղաքա­կան աջակ­ցութիւն ցու­ցա­բերած են Ազեր­պայճա­նին»։

Իս­րա­յէլ, Լի­պիա չէ, ոչ ալ Լեռ­նա­յին Ղա­րաբաղ, անոր ռազ­մա­կան կա­րողու­թիւնը եւ մի­ջազ­գա­յին դաշ­նա­կից­նե­րը բնա­կանա­բար տա­սն ան­գամ մտա­ծել կու տան Թուրքիոյ բա­նակի հրա­մանա­տարու­թիւնը, նախքան որե­ւէ զի­նեալ գոր­ծո­ղու­թեան դի­մելը։ Կայ նաեւ 2010-ի «Մա­ւի Մար­մա­րա» նա­ւու նա­խադէ­պը, երբ Թուրքիա ու­զած էր Կա­զայի շրջափակու­մը վե­րաց­նել, մար­դա­սիրա­կան օգ­նութիւն հասցնե­լով պա­ղես­տինցի­ներուն, սա­կայն հան­դի­պած էր Իս­րա­յէլի բա­նակի յա­տուկջո­կա­տա­յին­նե­րու յար­ձա­կու­մին, որուն զոհ գա­ցած էին 10 թուրք մաս­նա­կից­ներ եւ բազ­մա­թիւ ան­ձեր վի­րաւո­րուած էին։ Այս դի­պուա­ծը բնա­կանա­բար չէր կրնար ան­տե­սուիլ Թուրքիոյ կող­մէ։ Էր­տո­ղանի յայ­տա­րարու­թիւնը պար­բե­րական ամ­բո­խավա­րական յայտա­րարու­թիւն է, ուղղուած Թուրքիոյ ներ­քին լսա­րանին։ Սա­կայն ինչ որ անակնկալ է սոյն դի­պաշա­րին մէջ՝ Ազեր­պայճա­նի հա­կազ­դե­ցու­թիւնն է. Էրտողանի այս խօսքերը խոցած ըլլալով Ալիեւի ազգա­յին արժանապատւութիւնը՝ անոնք ար­ժա­նացած են խիստ հակազդե­ցութեան՝ հա­կառակ եր­կու եր­կիրնե­րու մի­ջեւ դի­ւանա­գիտա­կան, ռազ­մա­կան գոր­ծընկե­րու­թեան ու եղ­բայրա­կան սերտ բա­րեկա­մու­թեան։

2009-ի ար­ձա­նագ­րութիւննե­րէն ի վեր, տա­րինե­րու եր­կայնքին Թուրքիա-Ազեր­պայճան յա­րաբե­րութիւն­նե­րը զար­գացման յա­րաճուն ըն­թացք ու­նե­ցած են, մին­չեւ Ազեր­պայճա­նի կող­մէ 2020-ի 44-օրեայ պա­տերազ­մի սանձազերծումը, որուն իրենց մաս­նակցու­թիւնը բե­րած են Թուր­քիա, Իս­րա­յէլ եւ այլ եր­կիր­ներ, որ­մէ ետք, 2021-ի Յու­նի­սին ստո­րագ­րուեցաւ Շու­շիի թուրք-ազե­րական հա­մագոր­ծակցու­թեան հռչա­կագի­րը, ուր Ալիեւ յա­տուկ կեր­պով ընդգծած էր՝ ռազ­մարդիւ­նա­բերու­թեան ոլոր­տը եւ պատ­մա­կան մեծ նուաճում անուանած՝ փո­խադարձ ռազ­մա­կան օգ­նութիւ­նը, յի­շելով մաս­նա­ւորա­պէս «Զան­գե­զու­րի մի­ջանցք»-ը, որ «հնա­րաւոր դար­ձած» էր ղա­րաբա­ղեան պա­տերազ­մէն յե­տոյ ստեղ­ծուած աշ­խարհա­քաղա­քական նոր իրա­վիճա­կին «շնորհիւ»։

«Զան­գե­զուր»-ի մի­ջանցքի բա­ցու­մի պա­հան­ջը դեռ Թուրքիոյ եւ Ազեր­պայճա­նի քա­ղաքա­կան օրա­կար­գի նիւթ է։ ԱՄՆ-ու յոր­դո­րով, Անգարա ըն­դունած էր սկսիլ Հա­յաս­տան-Թուրքիա սահ­մա­նի բա­ցու­մին հա­մար եր­կու եր­կիրնե­րու մի­ջեւ բա­նակ­ցութիւննե­ր. նշա­նակուած էին յա­տուկ բա­նագ­նացներ՝ Ռ. Ռու­բի­ն­եան եւ Սեր­տար Քը­լըչ, որոնց 5-րդ հան­դի­պու­մը նա­խատե­սուած էր զար­մա­նալի զու­գա­դիպու­թեամբ, Յու­լիս 30-ին։ Թուրքիա Հա­յաս­տա­նի հետ իր դի­ւանա­գի­­տա­կան յա­րաբե­րու­թիւննե­րը խզած էր 1993-ին, հա­կազ­դե­լով՝ Ար­ցա­խի պա­տերազ­մին հայ­կա­կան ու­ժե­րու յա­ռաջ­խա­ղացու­մին։ Որ­քա­նո՞վ ներ­կայ իրա­վիճա­կը կրնայ փո­խուիլ, Իս­րա­յէլ-Թուրքիա-Ազեր­պայճան-Իրան շրջա­նային քա­ղաքա­կան զար­գա­ցումնե­րու լոյ­սին տակ։ Անակնկալ­նե­րը չեն պակ­սիր։ Ազեր­պայճան-Արեւ­մուտք յա­րաբե­րու­թիւն­նե­րու վատ­թա­րացու­մը զգա­լի է եւ Ազէր­պայճան-Ռու­սաստան մեր­ձե­ցու­մը շօշափե­լի։ «Զան­գե­զուրի մի­ջանցք»-ը դեռ որ­քա՞ն ժա­մանակ կրնայ Թուրքիոյ հա­մար Ազեր­պայճա­նի հան­դէպ «եղ­բայրա­կան հա­ւատար­մութեան» երաշ­խիք հան­դի­սանալ։ Մինչ այդ, Սիւ­նի­քէն անցնող արե­ւելք-արեւ­մուտք ճա­նա­պար­հը կը հե­տաքրքրէ ԱՄՆ-ն, Հա­յաս­տա­նի ինքնիշ­խա­նու­թեան պայմաննե­րուն մէջ։ Իսկ արե­ւելք-արեւ­մուտք ճա­նապար­հի գա­ղափա­րին բո­լորո­վին դէմ է Իրան, քա­նի որ ան պի­տի փո­խարի­նէ Իրա­նի մի­ջոցով Ազեր­պայճան-Նա­խիջե­ւան հա­ղոր­դակցու­թիւնը։ 

Ժ.Չ. ■