Search
Close this search box.

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Ժորժ Սանտ՝ համայն եւրոպական գրականութեան Խաչատուր Աբովեանը  

Գրեց՝ ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ

Մինչ համայն հա­յու­թիւնը կը պատ­րաստուի յա­ռաջի­կայ Հոկ­տեմբե­րին նշել հայ գրա­կանու­թեան միտ­քի լու­սաւորիչ Խա­չատուր Աբո­վեանի ծննդեան 215-ամեակը, եւրոպա­կան գրա­կան շրջա­նակ­նե­րը այս Յու­լի­սին կը նշեն Աբո­վեանի ժա­մանա­կակից ու սերնդա­կից, 19-րդ դա­րու ֆրան­սա­ցի մե­ծահամ­բաւ այն գրա­կան դէմ­քի 220-ամեակը, որ իր գոր­ծե­րով ամե­նաշատ ժո­ղովրդա­կանու­թիւն վա­յելած վի­պագիրն էր, թա­տերա­գիրն ու յու­շագրո­ղը, որ 1840-ական թուական­նե­րուն, շա­տերու կար­ծի­քով գե­րազան­ցած էր ամ­բողջ Եւ­րո­պայի մէջ նոյ­նիսկ Վիք­թոր Հիւ­կո­յի եւ Օնո­րէ տը Պալ­զա­քի նման տի­տան­նե­րու վա­յելած ժո­ղովրդա­կանու­թիւնը՝ եր­կուքը միասին առած: Այդ գրա­կան լու­սա­ւորեալ դէմ­քը ըն­կերվա­րական հա­կում ու­նե­ցող Աման­տի­նա Օրո­րա Տիւ­փէնն էր, որ հե­տագա­յին իրեն գրչա­նուն ընտրեց Ժորժ Սանտ (Փա­րիզ, 1 Յու­լիս 1804 – Նո­հան Վիք, գա­ւառ կեդր. Ֆրան­սա­յի, 8 Յու­նիս 1876), հան­դի­սանա­լով ամէ­նէն փնտռուած գրող­նե­րէն մին Եւ­րո­պայի Ռոման­թիքնե­րու դա­րա­շրջանի:

220 տա­րի առաջ 1 Յու­լի­սին էր ծնած Ժորժ Սանտ, որ աչ­քա­ռու կեր­պով իր տա­րօրի­նակու­թիւննե­րով, կեն­ցա­ղային վար­քով ու նիս­տուկա­ցով, եկաւ գայ­թակղու­թիւն ստեղծել զա­նազան շրջա­նակ­նե­րու մէջ, նա­խընտրե­լով հան­րութեան առ­ջեւ ներ­կա­յանալ այր մար­դու ոճով զգեստնե­րով: Ան ան­կեղծօ­րէն ու խի­զախօ­րէն ըն­դունե­լով թէ կ՚ատէ քա­ղաքա­կան բո­լոր հա­տուած­ներն ու շեր­տե­րը, չէր վա­րաներ յա­ճախ ար­տա­յայ­տուելու, թէ այր մարդ ծնած ըլ­լա­լու պա­րագա­յին կրնար… շատ վտան­գա­ւոր անձ մ՚ըլ­լալ: 

Ժորժ Սան­տի հայ­րը՝ Մօ­ռիս Տիւ­փէն, որ կը սե­րէր թա­գաւո­րական գեր­դաստա­նէ, կը մա­հանայ՝ երբ ապա­գայ վի­պասա­նու­հին հա­զիւ չորս տա­րեկան մա­նուկ էր: 17 տա­րեկա­նին ան իր մօր հետ կը տե­ղափո­խուի Փա­րիզ: Մէկ տա­րի ետք կ՚ամուսնա­նայ Քա­սիմիր Տիւ­տը­վան անու­նով զի­նուո­րական պաշ­տօ­նեայի մը հետ, որոնցմէ կը ծնի եր­կու զա­ւակ: Բայց իր ամուսնա­կան կեան­քը Տիւ­տը­վանէն կը խզուի 1831-ին եւ Ժորժ Սանտ ամ­բողջու­թեամբ կը նուիրուի գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տան­քի: 

Այ­նուհե­տեւ, Սան­տի սի­րային կա­պերն ու յա­րաբե­րու­թիւննե­րը ժա­մանա­կի գրա­կան եւ արուես­տի ակա­նաւոր դէմ­քե­րու հետ ու­շադրու­թեան նիւթ կը դառ­նան Եւ­րո­պայի ամ­բողջ տա­րած­քին: Յի­շելու հա­մար այդ դէմ­քե­րէն մի քա­նին՝ Ալֆրէտ տը Միւ­սէ, Շառլ Տի­տիէ, Կիւսթաւ Ֆլօ­պէր, Ժիւլ Սան­տօ, Ֆրան­սուա Պո­քաժ, ինչպէս նաեւ լեհ համ­բա­ւաւոր դաշ­նա­կահար ու երա­ժիշտ Ֆրետ­րիք Շո­փէն: Վեր­ջի­նին հետ՝ 1838-1839-ի ձմռան ամ­բողջ եղա­նակին, սպա­նական Մա­յոր­քա կղզիին մէջ Ժորժ Սանտ կ՚ան­ցը­նէ վի­պական սի­րային կեանք մը: 1842-ին իր հրա­տարա­կած «Ձմեռ մը Մա­յոր­քա­յի մէջ» խո­րագ­րեալ վէ­պին մէջ, Սանտ ման­րա­մաս­նօ­րէն կը պատ­մէ իր եւ եր­կու զա­ւակ­նե­րուն հետ դէ­պի այդ կղզին կա­տարած ու­ղե­ւորու­թիւնը, այնտեղ իրենց կե­ցու­թեան օրե­րը Շո­փէնի հետ, որ այդ շրջա­նին կը տա­ռապէր թո­քախ­տէ, յու­սա­լով որ կղզիին կլի­ման եւ առող­ջա­րար օդը կը նպաս­տեն անոր առող­ջութեան բա­րելաւ­ման. բան մը, որ սպա­սուած ար­դիւնքը չի տար աշ­խարհահռչակ եւ տա­րաբախտ երա­ժիշտ Շոփէնին՝ խստա­շունչ ձմռան ցուրտին պատ­ճա­ռաւ: 

Տասը տա­րի առաջ՝ 1832 Ապ­րի­լին, ար­դէն լոյս տե­սած էր Սան­տի 344 էջե­րէ բաղ­կա­ցած առա­ջին վէ­պը՝ «Ին­տիանա» խո­րագրով, Ժորժ Սանտ կեղ­ծա­նուան տակ: Այս վէ­պը մեկ­նարկը կը կա­տարէ իր համ­բա­ւին: Սի­րոյ եւ ամուսնու­թեան մա­սին վէպ մը, որ կը հա­մաձու­լէ միու­թիւնը վի­պակա­նու­թեան, իրա­պաշ­տութեան ու տես­լա­կանու­թեան: Ին­տիանան՝ որ սի­րավէ­պին հե­րոսու­հին է՝ լոր­տուհի կամ ազ­նուակա­նու­հի մըն է, որ ամուսնա­ցած է տա­րեց եւ զի­նուո­րական նախ­կին պաշ­տօ­նեայի մը հետ: Վեր­ջի­նը կը տա­ռապէր զա­նազան ան­ծա­նօթ հի­ւան­դութիւննե­րէ, հա­ւանա­բար կեան­քին մէջ կա­րեկ­ցանքի պա­կաս ու­նե­նալուն պատ­ճա­ռով: Ին­տիանա այս ան­գամ իր հա­յեաց­քը կ՚ուղղէ իր զար­մի­կին՝ Ռալ­ֆին, կ՚ապ­րի թէ՛ Ռալ­ֆի եւ թէ՛ իր զի­նուո­րական ամուսնոյն հետ: Երբ վեր­ջի­նը դուրս գար տու­նէն՝ Ռալ­ֆը կ՚ըլ­լար իր սի­րակա­նը: Ըն­թերցո­ղը իրա­զեկ դառ­նա­լով Սան­տի կեան­քի սա փու­լե­րուն, իս­կոյն կ՚անդրա­դառ­նայ որ Ին­տիանան նո՛յնինքն Ժորժ Սանտն է ու անոր կեան­քի ապրե­լակեր­պը՝ առա­ջին ամուսնու­թեան շրջա­նին:

Բազ­մա­թիւ են վէ­պերը Ժորժ Սան­տի: Վե­րոյի­շեալ­նե­րէն բա­ցի կը յի­շատա­կենք՝ «Վա­լեն­թին» (1832), «Լե­լիա» (1833), «Անտրէա» (1833), «Մաթ­թէա» (1833), «Ժաք» (1833), «Լէոն Լէոնի» (1833), «Անտրէ» (1834), «Մար­քի­զը» (1834), «Սի­մոն» (1835), «Մօփ­րա» (1837), «Լո­րէօ» (1838), «Փօ­լին» (1839), «Օրաս» (1840), «Քոն­սուելօ» (1842 թ., որ կը հա­մարուի գրո­ղին գլուխ-գոր­ծո­ցը. վէ­պը անձնա­ւորումն է բա­րոյա­կան մաք­րութեան յաղ­թա­նակին՝ ու­նե­նալով բազ­մա­շերտ փոր­ձութիւններ), «Ռու­տոլսթա­տի կոմ­սուհին» (1843), «Ժանն» (1844), «Նա­խան­ձը» (1845), «Պա­րոն Ան­թուանի մեղ­քը» (1845), «Սա­տանա­յին լճա­կը» (1846), «Փոք­րիկ Ֆա­տէթը» (1849), «Խորհրդա­ւոր պատ­մութիւ­նը ազ­նիւ Ժա­քի եւ Լորտ Պումպլէ­պէի» (1851), «Տա­նիէլ­լան» (1857), «Ան (աղջկայ հա­մար, She) եւ Ան (He, տղու հա­մար)» (1859), «Ձիւ­նէ մար­դը» (1859), «Սեւ քա­ղաքը» (1860), «Ան­թո­նիա» (1863), «Օրիորդ Լա Քին­թի­նի» (1863), «Պա­րոն Սիլ­վեսթըր» (1866), «Վեր­ջին սէ­րը» (1866, նուիրուած Կիւսթաւ Ֆլօ­պէրին), «Օրիորդ Մեր­քեմ» (1868), «Թա­ւալող քար մը» (1870), «Սե­զարին Տիթ­րիչ» (1871), «Նա­նոն» (1872), «Իմ քոյրս՝ Ժան­նը» (1874), «Մա­րիան» (1876), «Փեր­սե­մոնի աշ­տա­րակը» (1876) եւ դեռ շատ այլ գոր­ծեր: Թա­տերա­խաղե­րէն յի­շատակ­ման ար­ժա­նի են՝ «Կապ­րիէլ» (1839), «Վիք­թո­րինի ամուսնու­թիւնը» (1851), «Ճա­փոն­ցի Լի­լին» (1866) եւ ու­րիշներ: 

19-րդ դա­րուն արե­ւելա­հայ եւ արեւմտա­հայ գրա­կան շրջա­նակ­նե­րէ ներս մեծ հե­տաքրքրու­թիւն յա­ռաջա­ցու­ցած են Ժորժ Սան­տի ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րը, որոնք կը դրսե­ւորուին իրենց թար­մութեամբ, փի­լիսո­փայա­կան խոր­քով, ֆե­մինիստ մը ներ­կա­յացող հզօր ան­հա­տակա­նու­թեամբ, կա­նանց իրա­ւունքնե­րու հա­մար­ձակ ու ան­նա­հան­ջ պաշտպա­նու­թեամբ: Այդ բո­լորը շեշ­տակիօրէն կը յայտնուին Սան­տի եր­կե­րուն մէջ եւ ի զուր չէ, որ անոր շատ մը նամակները թարգմանուած են նաեւ հա­յերէ­նի: 

Հայ գրա­կանու­թեան մէջ Սան­տի ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րուն առա­ջին ար­ձա­գան­գո­ղը եղած է Փա­րիզի մէջ լոյս տես­նող «Մա­սեաց Աղաւ­նի» գրա­կան ամ­սա­գիրը, որու 1863-ին իր 16-րդ թի­ւի «Փա­րիզեան Սուրհան­դակ» խո­րագի­րը կրող շար­քին մէջ ներ­բո­ղական տո­ղերով կ՚երե­ւի նոյն տա­րին «Օրիորդ Լա Քին­թի­նի» վէ­պի լոյս տես­նե­լուն առի­թով՝ Ժորժ Սան­տի նկատմամբ ներբողական տողեր, ուր ան կ՚որակուի «հան­ճա­րեղ վի­պա­գիր»:

Վեց տա­րի ետք՝ 1869-ին, Թիֆ­լի­սի մէջ լոյս տես­նող «Հայ­կա­կան Աշ­խարհ» օրա­գիրի 10-11 հա­մար­նե­րուն մէջ Օրիորդ Եղի­սաբէթ Բա­յիսօ­ղօլեանի թարգմա­նու­թեամբ կը հրա­տարա­կուի «Տի­կին Ժորժ Սանտ» յօ­դուա­ծը, որ կը սկսի հե­տեւեալ գրա­դատա­կան խօս­քե­րով. «Քա­նի մի տա­րի առաջ Ժորժ Սան­տի վե­րայ կար­ծիքնե­րը բո­լորո­վին զա­նազան էին. յար­գողնե­րը բարձրաց­նում էին նո­րան մին­չեւ եր­կինք, իսկ թշնա­մինե­րը տրո­րում էին ան­բա­րոյա­կանու­թեան եւ ու­րիշ շատ պա­կասու­թիւննե­րի մէջ։ Նաեւ Ֆրան­սիայում շա­տերը մին­չեւ այժմ չեն հա­մաձայ­նում Ժորժ Սան­տը մեր դա­րի կին գրող­նե­րից ամե­նալա­ւը ըն­դունե­լու»։ Հե­տաքրքրա­կան է, որ Օրիորդ Բա­յիսօ­ղօլեան Ժորժ Սան­տի միտ­քե­րուն բե­րած նո­րու­թիւնը, լե­զուին գե­ղեց­կութիւ­նը հա­մեմա­տած է Ժան Ժաք Ռու­սո­յի լե­զուին հետ, ընդգծե­լով, որ եթէ Սանտ կը սխա­լի, ապա այդ «սխա­լը» մարդկու­թեան բա­րու­թիւն ցան­կա­լու ար­դիւնքն է: Վեր­ջա­պէս Բա­յիսօ­ղօլեան կը մէջ­բե­րէ Սան­տի մա­սին ռուս մե­ծանուն գրաքննա­դատ Վի­սարիոն Պե­լինսքիի հե­տեւեալ խօս­քե­րը. «Ժորժ Սան­տը կա­նանց փաս­տա­բանն է, ինչպէս Շիլ­լէ­րը ամ­բողջ մարդկու­թեանն է»։

Զար­թօնքի Սե­րունդի մեր գրող­նե­րէն Գրի­գոր Չի­լին­կի­րեան առա­ջինը եղաւ որ 1871-ին հա­յերէ­նի թարգմա­նեց Սան­տի «Օրիորդ Լա Քին­թի­նի» վէ­պը, որ այ­նուհե­տեւ տպագ­րուեցաւ «Զմիւռնիա»-ի մէջ: 1875-ին, դար­ձեալ «Զմիւռնիա»-ի մէջ, Գ. Մսե­րեանի թարգմա­նու­թեամբ տպագ­րուեցաւ Սան­տի «Լէոն Լէոնի» եւ «Ֆլա­վի» վէ­պերը: «Ֆլա­վի» վէ­պի յա­ռաջա­բանին մէջ, թարգմա­նիչ Մսե­րեան ի մի­ջի այ­լոց գրած է. «…Ֆրան­սա­յի իգա­կան պար­ծանքն ու շու­քը, անսպառ հան­ճա­րը, սէգ ու դաշ­նա­ւոր բա­նահիւ­սը, որ Հո­մերեան վսե­մու­թեամբ, Ժի­ւէնա­լի հեգ­նով եւ Պայ­րը­նեան ծի­ծաղով ըն­թերցո­ղը կը հիաց­նէ։ Ան բարձր արուես­տա­գէտ մը չէ միայն, այլ մեծ վե­րանո­րոգիչ մը ու աննման խոր­հող մը»։

19-րդ դա­րուն ապ­րած եւ ստեղ­ծա­գոր­ծած ռու­մա­նահայ գրա­կանա­գէտ եւ պատ­մա­բան, Արե­ւելեան աշ­խարհա­բարի գի­տական քե­րակա­նու­թեան հիմ­նա­դիր եւ լե­զուա­բան, ման­կա­վարժ Ստե­փան Պա­լասա­նեան, Ժորժ Սան­տի մա­հէն տա­րի մը ետք, ըն­դարձակ իր յօ­դուա­ծով լու­սարձա­կի տակ բե­րած է մեծ գրո­ղի ողջ կեան­քին հանգրուան­նե­րը, մին­չեւ անոր մա­հը, 8 Յու­նիս 1876: 

Ար­դա­րեւ, Ժորժ Սանտ ոչ միայն կին գրող­նե­րու պար­ծանքն է ու կնոջ հո­գեկան եւ ֆի­զիքա­կան գե­րու­թեան շղթա­ները բե­կանո­ղը, ազա­տու­թեան խնդիր­նե­րը խի­զախօ­րէն հրա­պարա­կողն ու պատ­գա­մողը ֆրան­սա­կան ու եւ­րո­պական գրա­կանու­թեան մէջ, այ­լեւ հա­մաշ­խարհա­յին գրա­կանու­թեան միտ­քի քան­քա­րափայլ լու­սա­ւորիչն է, իրա­ւամբ Խա­չատուր Աբո­վեանը եւ­րո­պական գրա­կանու­թեան, որով կրնայ հպար­տա­նալ ողջ մարդկու­թիւնը դա­րերու ըն­թացքին՝ զինք ծնած ըլ­լա­լուն համար: ■