«Միջազգային քրիստոնէական համերաշխութիւն» իրաւապաշտպան կազմակերպութեան ներկայացուցիչները այցելած են Բերձորի միջանցքին սկզբնամասը։
«Սեպտեմբեր 13-ին մենք այցելեցինք Լաչինի միջանցքին սկզբնամասը, որ Լեռնային Ղարաբաղը արտաքին աշխարհին կապող միակ ճամբան է։
Արդէն 9 ամիս է, որ Ազերպայճան փակած է այդ ճամբան։ Երկու ամիս է՝ այնտեղ արգիլուած է նոյնիսկ Կարմիր Խաչի ներկայացուցիչներուն մուտքը։
Լեռնային Ղարաբաղի 120.000 քրիստոնեայ Հայեր սովամահ կ՚ըլլան: Սա ցեղասպանութիւն է»,– նշուած է կազմակերպութեան X-ի էջին վրայ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։