Անթալիա կատարած այցելութեան ընթացքին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հարցազրոյց մը տուած է թրքական «Անատոլու» լրասփիւռին։ Ան անդրադարձած է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բարելաւման հոլովոյթին, սահմանի բացման հարցին մէջ Հայաստանի մօտեցումին, առկայ համաձայնութեան եւ ակնկալիքներուն։
Միրզոյեան նշած է, թէ համաձայնութիւն գոյացած է(ր)* բանալու Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ցամաքային սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական անցագիր ունեցողներուն համար։ “Պատմական Անիի կամուրջի վերականգնումը եւս կը քննարկուի։ Հայաստան անկեղծօրէն կը փափաքի, որ պետական սահմանները ըստ կարեւլւոյն շուտ բացուին, դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատուին եւ ընդլայնուին երկու ժողովուրդներու եւ մշակոյթներու միջեւ կապերը։ Սահմաններու բացման առաւելութիւնները ակնյայտ են: Նախ եւ առաջ սա շատ կարեւոր է մարդոց համար։ Յարաբերութիւններու զարգացումը, տնտեսական յարաբերութիւններու աճը նախ եւ առաջ օգուտ կը բերեն երկու կողմերու բնակչութեան եւ Հայաստանի քաղաքացիներուն մեծ մասը գիտակից է այս հեռանկարին”,– նշած է Միրզոյեան։
(*) Այս հարցին շուրջ թրքական ճապկումներուն արդէն անդրադարձած էինք հայկական եւ թրքական կողմի յատուկ բանագնացներու՝ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Սերտար Քըլըչի մասնակցութեամբ, Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցած յատուկ կլոր-սեղանի լուրին առիթով։
Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ բանակցային հոլովոյթին՝ Միրզոյեան յայտարարած է. “Կ՚ուզեմ օգտագործել այս առիթը՝ վերահաստատելու մեր յանձնառութիւնը խաղաղութեան օրակարգին: Մենք կը շարունակենք բանակցութիւնները՝ Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրութեան ուղղութեամբ, որ ընդհանուր առմամբ պիտի ամրապնդէ Հարաւային Կովկասի կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը”:
Նշելով, թէ կողմերու միջեւ խնդիրներէն մի քանիին շուրջ յաջողած են համաձայնիլ՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարը շեշտած է, որ երկու կարեւոր հարցերու շուրջ կողմերը տարբեր մօտեցումներ ունին. “Այս խնդիրներէն առաջինը կը վերաբերի երկու երկիրներու սահմանազատման սկզբունքներուն, իսկ միւսը՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններուն”:
Միրզոյեան ըսած է, որ կողմերը նախ պէտք է վերահաստատեն տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչումը՝ աւելցնելով, թէ Հայաստան կը պնդէ, որ սահմանազատման գործընթացը պէտք է տեղի ունենայ 1991-ին ստորագրուած Ալմաթիի հռչակագրին համաձայն: Շեշտելով, թէ ո՛չ ոք նոր սահմաններ գծելու իրաւասութիւն ունի՝ նախարարը յայտնած է, թէ Երեւան կը փափաքի որ այս հռչակագիրը ներառուի խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծին մէջ։ Արարատ Միրզոյեան նշած է, որ այս հարցին շուրջ Հայաստան տակաւին չէ կրցած դրական արձագանգ ստանալ Ազերպայճանէն։
Տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու վերաբերեալ Արարատ Միրզոյեան յայտնած է. “Մենք հետաքրքրուած ենք երթեւեկութեան ուղիներու բացումով, որ մեզի համար շատ կարեւոր է: Սակայն դէմ ենք, որ Հայաստանի տարածքով անցնող հաղորդակցութեան ուղիներով ապրանքներու եւ ճամբորդներու անվտանգութիւնը ապահովուի երրորդ երկիրներու կողմէ. տարածաշրջանին մէջ երթեւեկութեան ուղիները պէտք է ըլլան ա՛յն երկրի ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան ներքոյ, ուր կը գտնուին անոնք։ Կարեւոր են նաեւ հաւասարութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքները: Գործընթացը պէտք է կառուցուի այդ սկզբունքներու հիման վրայ”։ Նախարարը ընդգծած է, թէ այս նիւթին մասին ալ ազերպայճանական կողմը համարժէք կերպով չէ արձագանգած։
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ արդեօք Պերլինի մէջ Ազերպայճանի իր պաշտօնակից Ճեյհուն Պայրամովի հետ հանդիպումին որոշուա՞ծ է նախարարներու յառաջիկայ տեսակցութեան թուականը, Ա. Միրզոյեան նշած է, թէ տակաւին չէ որոշուած, սակայն իրենք Պայրամովի հետ մնայուն կապի մէջ են եւ կը յուսայ, որ շուտով կը յստակացուի յաջորդ հանդիպման թուականը։
“Կը կարծեմ, որ մեր ժողովուրդները խաղաղութեան կարիք ունին: Ինչպէս աշխարհի միւս ժողովուրդները, մեր ժողովուրդները եւս արժանի են խաղաղութեան, եւ մեզմէ ոեւէ մէկը դատապարտուած չէ մնայուն թշնամանքի: Այժմ մենք իրապէս խաղաղութեան կարելիութիւն ունինք”,– յայտարարած է Հայաստանի Արտաքին գերատեսչութեան ներկայացուցիչը:
Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւններու սերտացման վերաբերեալ հարցումին ի պատասխան՝ Արարատ Միրզոյեան նշած է, որ Հայաստան կը շարունակէ տարբեր բնագաւառներու մէջ առաւել զարգացնել իր յարաբերութիւնները Եւրոպական Միութեան երկիրներու հետ՝ վկայակոչելով առկայ քաղաքական երկխօսութիւնը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարը յայտնած է, որ Հայաստան կը համագործակցի ԵՄ-ի հետ՝ տնտեսական կայունութիւնը եւ տնտեսական աղբիւրներու բազմազանութիւնը ապահովելու նպատակով:
Միւս կողմէ, Արարատ Միրզոյեան «TRT World» հեռատեսիլին տուած հարցազրոյցին յայտարարած է, որ Հայաստանի մէջ աշխուժօրէն կը քննարկուին նոր կարելիութիւններ, անոնց մէջ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակելու գաղափարը։ Ան կը պատասխանէր այն հարցումին, թէ «երբեք մտածա՞ծ էք ԵՄ-ին անդամակցելու մասին, արդեօք այդ կարելի՞ է մօտ կամ հեռաւոր ապագային, կամ թերեւս ՕԹԱՆ-ին անդամակցի՞լն է, որ կը հետաքրքրէ Հայաստանը՝ որպէս դէպի Արեւմուտք ձգտող իր արտաքին քաղաքականութեան մէկ բաղադրիչը»։
“Նկատի առնելով այն բոլոր մարտահրաւէրները, զորս մենք ստիպուած ենք դիմակայելու վերջին 3-4 տարիներու ընթացքին՝ Հայաստանի մէջ կը քննարկուին առկայ նոր կարելիութիւնները։ Գաղտնիք պիտի չբացայայտեմ, եթէ ըսեմ, որ կը փայփայենք նաեւ ԵՄ-ին անդամակցելու գաղափարը։ Հայաստանի ժողովուրդը ունի եւրոպական ձգտումներ եւ մենք այդ գործընթացի բովէն կ՚անցնինք, իսկ թէ ինչպէ՛ս կ՚աւարտի այդ հարցը, սա պահուս ո՛չ ոք կրնայ վստահ ըլլալ կամ կանխատեսել”,– ըսած է Միրզոյեան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։