Դեկտեմբեր 12-ին, Երեւանի մէջ ընթացող «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» 5-րդ համաժողովին ունեցած իր ելոյթին Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յատկապէս նշած է, թէ մեր տարածաշրջանին մէջ ցեղասպանութեան ականատես եղանք ոչ միայն շուրջ 110 տարի առաջ՝ Հայոց ցեղասպանութեան պարագային, այլեւ բառացիօրէն անցեալ տարի՝ 2023-ին։
“Ցաւօք, միջազգային հանրութիւնը ցեղասպանութիւններու եւ զանգուածային այլ ոճիրներու մասին կը սկսի աւելի շատ խօսիլ, երբ անոնք արդէն գործուած են։ Երբ անցեալ տարի ականատես եղանք ցեղասպանութեան՝ այնպէս կը թուէր, թէ աշխարհին տեսանելի են բաւարար վտանգի գործօններ, որոնք կրնային յանգեցնել անդառնալի հետեւանքներու։ Դժբախտաբար, մենք անկարող եղանք կանխելու զայն եւ այսօր ականատես ենք այդ անդառնալի հետեւանքներուն։ Սա այն օրինակներէն է, երբ միջազգային կառոյցներու արձագանգը չէր համապատասխաներ վտանգի գործօններուն եւ տեղւոյն վրայ ստեղծուած իրավիճակին, իսկ վտանգի գործօններէն ամէնէն էականը՝ ատելութեան տարածումը, ի վերջոյ ատելութեան խօսքէն վերածուեցաւ յանցագործութեան։
Աշխարհի մէջ տիրող կացութիւնը եւ ցեղասպանական վտանգաւոր միտումները պէտք է ստիպեն գտնելու մարդոց կեանքերը փրկելու աւելի՛ արդիւնաւէտ ճամբաներ, ծանր դիւանակալական մեքենան պէտք է դառնայ աւելի զգայուն եւ ճկուն՝ ոչ միայն արդիւնաւէտ կերպով հակազդելու, այլեւ բոլորին հաւասար վերաբերում ցուցաբերելու առումով”,– ընդգծած է Արտաքին գործոց նախարարը։
Ան կոչ ուղղած է միջազգային հանրութեան միասնական ջանքերով պայքարելու ցեղասպանութիւնները կանխելու ուղղութեամբ։
Համաժողովը կը շարունակուէր յաջորդ օրը՝ Դեկտեմբեր 13-ին։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։