Search
Close this search box.

Միրզոյեան-Պայրամով բանակցութիւնները՝ Ալմաթիի մէջ

Մայիս 10-ին, Ղազախստանի մայրաքաղաք Ալմաթիի մէջ սկսած են Հայաստանի եւ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարներ՝ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճեյհուն Պայրամովի երկկողմ բանակցութիւնները, որոնց ընթացքին կը քննարկուի «Խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին երկկողմ համաձայնագիր»-ի նախագիծը։

Երկկողմ հանդիպման ընդառաջ զիրենք ողջունած է Ղազախստանի փոխվարչապետ, Արտաքին գործոց նախարար Մուրատ Նուրթլէօ, որ ի դէպ ներկայ չէ գտնուած տեսակցութեան, Պաքու ընդգծած ըլլալով այս բանակցութիւնները բացառապէս առանց միջնորդի վարելու կարեւորութիւնը:

Նախքան երկկողմ՝ գլուխ-գլխի հանդիպումը, որ տեւած է շուրջ չորս ժամ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարներու ղեկավարած պատուիրակութիւնները հանդիպում ունեցած են։ 

Միրզոյեան եւ Պայրամով բանակցութիւնները կը շարունակեն Մայիս 11-ին։