Search
Close this search box.

Միրզոյեան-Պլինքըն-Պայրամով հեռաձայնային զրոյց

 

Հոկտեմբեր 4-ին, ամերիկեան կողմին նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցած է Հայաստանի, ԱՄՆ-ու եւ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարներ՝ Արարատ Միրզոյեանի, Էնթընի Պլինքընի եւ Ճեյհուն Պայրամովի հեռաձայնային զրոյցը:

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն՝ կողմերը կարծիքներու փոխանակում ունեցած են հոկտեմբեր 2-ին Ժընեւի մէջ կայացած տեսակցութեան վերաբերեալ:

Միրզոյեան վերահաստատած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ազերպայճանական զինեալ ուժերու հեռացման, Ազերպայճանի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ ռազմագերիներու շուտափոյթ հայրենադարձման ու հրադադարի  անվերապահ պահպանման անհրաժեշտութիւնը: Շեշտուած է ուժի կամ ուժի կիրարկման սպառնալիքի միջոցով խնդիրներու կարգաւորման անընդունելիութիւնը:

Նոր յարձակումներու կանխարգիլման համածիրին մէջ ընդգծուած է սահմանային իրավիճակի մնայուն դիտարկման եւ վերահսկողութեան միջազգային գործիքակազմերու ներդրման կարեւորութիւնը:

Զրուցակիցները անդրադարձած են Հայաստան-Ազերպայճան խաղաղութեան պայմանագրի մշակման եւ Ստեփանակերտի ու Պաքուի միջեւ քննարկումներու հարթակի ստեղծման առնչուող հարցին:

Համաձայնութիւն գոյացած է շարունակելու քննարկումները՝ ի նպաստ Հարաւային Կովկասի կայունութեան և անվտանգութեան: