Աշխատանքնային այցով Փարիզ գտնուող Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Նոյեմբեր 9-ին մասնակցած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի գլխաւոր համաժողովի 42-րդ նստաշրջանին:
Նստաշրջանին նախորդած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Քրիսթիան Տէր-Ստեփանեանի յիշատակին նուիրուած միջոցառում, որու ընթացքին ելոյթ ունեցած են ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Գլխաւոր համաժողովի նախագահը, Գործադիր խորհուրդի նախագահը, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէնը եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարը:
Իր ելոյթին մէջ նախարար Միրզոյեան յատկապէս նշած է.
“Ես խորին ցաւով յարգանքի տուրք կը մատուցեմ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչին՝ մեր սիրելի գործընկեր Ն. Գ. պրն Քրիսթիան Տէր-Ստեփանեանի յիշատակին, որ կեանքէն հեռացաւ նոյեմբեր 7-ին՝ 72 տարեկանին:
Դեսպան Տէր-Ստեփանեան ականաւոր դիւանագէտ էր, որ իր մեծ ներդրումը ունեցաւ Հայաստանի դիւանագիտական ծառայութեան համակարգի կայացման գործին մէջ՝ հպարտօրէն ներկայացնելով մեր երկիրը միջազգային տարբեր հարթակներու վրայ:
Քրիսթիան Տէր-Ստեփանեան իր կեանքի վերջին տարիները նուիրեց ԻՒՆԷՍՔՕ-ի առանցքային արժէքներու եւ սկզբունքներու խթանման եւ կազմակերպութեան հետ Հայաստանի համագործակցութեան ամրապնդման:
Որպէս Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի վարչապետի անձնական ներկայացուցիչ՝ դեսպան Տէր-Ստեփանեան անգնահատելի դեր ունեցաւ Ֆրանսախօսութեան միազգային կազմակերպութեան եւ անոր անդամ պետութիւններու հետ Հայաստանի կապերու զարգացման գործին մէջ:
Տէր-Ստեփանեանի երեսնամեայ մասնագիտական գործունէութիւնը յատկանշուեցաւ Հայաստանին ծառայելու եւ ազգային առաջնահերթութիւններն ու միջազգային համագործակցութիւնը խթանելու նուիրումով, արհեստավարժութեամբ եւ անխոնջ աշխատանքով: Ան պիտի յիշուի դիւանագիտական հանրութեան կողմէ, ներկայ պահուն հոս գտնուող շատ մը դիւանագէտներու կողմէ լաւ ընկեր եւ հրաշալի անձնաւորութիւն։
Ես խորին ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ դեսպանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք կը սգան անոր մահը”:
Արարատ Միրզոյեան նաեւ ելոյթ ունեցաւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի գլխաւոր համաժողովի 42-րդ նստաշրջանի ընթացքին:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։