Search
Close this search box.

ՄՈՍԿՈՒԱ – «Հայաստան՝ քաղաքակրթութեան օրրան» խորագրով ցուցահանդէսին բացումը կատարուած է

Ռուսաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան մշակութային կեդրոնի յարկին տակ բացումը կատարուած է  «Հայաստան՝ քաղաքակրթութեան օրրան» խորագրով ցուցահանդէսին, ուր Մարտիրոս Սարեանի, Գէորգ Բաշինջաղեանի, Մինաս Աւետիսեանի կտաւներու կողքին ներկայացուած են նաեւ Մոսկուա բնակող ժամանակակից հայ նկարիչներու գործերը։

Բացման խօսքին մէջ մշակութային կեդրոնի տնօրէն Վլադիմիր Կապպէ նշած է, թէ դարաւոր ու հարուստ պատմութիւն ունեցող Հայաստան մարդկութիւնը միշտ հիացուցած է ու կը շարունակէ հիացնել քաղաքակրթական հսկայական ժառանգութեամբ: 

“Սորվելու եւ սորվեցնելու առաքելութիւնը հայ ժողովուրդը միշտ մղած է ըլլալու առաջիներու շարքին: Նման միջոցառումները ժամանակի մէջ պահ մը այդ առաքելութիւնը վերագնահատելու կարելիութիւն կ՚ընձեռեն։ Յատկանշական է, որ աշխարհի համար այս ծանր ժամանակաշրջանին կրկնակի կ՚ընդգծուի մշակութային ժառանգութեան արժէքը”,– նշած է Կապպէ եւ աւելցուցած, թէ դժուարութիւնները յաղթահարելու եւ վերածնունդ ապրելու լաւագոյն միջոցը արուեստն ու մշակոյթն են:

Արարողութեան, որուն մասնակցած են հայ եւ օտար արուեստասէրներ, Հայաստանի դեսպանութեան ներկայացուցիչներ, հնչած են նաեւ երաժշտական կատարումներ։

Խմբագրական