Search
Close this search box.

ՄՈՍԿՈՒԱ – Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հանդիպումը իր պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ

Յունուար 21-ին Մոսկուա այցելած Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Ռուսաստանի իր պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Նախ տեղի ունեցած է երկու նախարարներուն գլուխ-գլխի տեսակցութիւնը, այնուհետեւ՝ ընդլայնուած կազմով նիստը, որուն յաջորդած է միացեալ մամլոյ ասուլիսը։

Նախարար Միրզոյեան Մոսկուա իր այցը որակած է այժմէական՝ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու աշխուժացման շրջածիրին մէջ եւ ընդգծած, թէ Հայաստան հետաքրքրուած է Ռուսաստանի հետ քաղաքական արդիւնաւէտ երկխօսութեամբ։

“Կը կարծեմ, որ այս այցը երկկողմանի գործակցութեան հարցերու քննարկման, ինչպէս նաեւ շարք մը այժմէական նիւթերու շուրջ միտքերու մանրամասն փոխանակման լաւ առիթ մըն է։ Կ՚ուզեմ ընդգծել Հայաստանի Հանրապետութեան հետաքրքրութիւնը՝ շարունակելու մեր երկկողմանի յարաբերութիւններու եւ ընդհանուր առմամբ շրջանային կացութեան վրայ ազդող հարցերու շուրջ արդիւնաւէտ քաղաքական երկխօսութիւնը”,– ըսած է Միրզոյեան։

Լաւրով. «Երեւան Մոսկուայի բնական դաշնակիցն է»

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարը խոստովանած է, որ անցեալ տարին հայ-ռուսական յարաբերութիւններու տեսանկիւնէն դիւրին չէ եղած։

“Մենք միշտ գնահատած ենք եւ կը շարունակենք գնահատել հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի հետ մեր եղբայրական կապերը։ Հայաստան մեր բնական ռազմավարական գործընկերն ու դաշնակիցն է”,– նշած է Լաւրով։

 

Երեւան նկատի կ՚ունենայ Մոսկուայի շահերը եւ կ՚ակնկալէ նոյնը

Նախարար Միրզոյեան շեշտած է, որ Հայաստան միջազգային հարթակներու վրայ կը փորձէ նկատի ունենալ Ռուսաստանի շահերը։ “Կարեւոր մէկ այլ ցուցիչ է միջազգային հարթակներու վրայ գործակցութիւնը։ Մենք միշտ կը փորձենք ըմբռնումով մօտենալ Ռուսաստանի շահերուն, կը փափաքինք եւ կ՚ակնկալենք, որ ռուսական կողմը եւս միջազգային հարթակներու վրայ նկատի ունենայ Հայաստանի շահերը”,– յայտնած է Արարատ Միրզոյեան։

 

Միրզոյեան յիշեցուցած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ը

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ Հայաստան պատրաստ է ապաշրջափակելու Հարաւային Կովկասի հաղորդակցութեան բոլոր ուղիները։

“Ուրախ եմ հաստատելու բոլոր տնտեսական եւ փոխադրական հաղորդակցութիւնները ապաշրջափակելու Հայաստանի տեսլականը, որուն իրականացումը նախատեսուած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագրի շրջանակին մէջ”,– շեշտած է ան։

 

Քննարկուած է Սիւնիքի մէջ Ռուսաստանի հիւպատոսութիւն բանալու հարցը

Հայաստանի ու Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են Սիւնիքի մէջ Ռուսաստանի հիւպատոսութիւն բանալու հարցը։ Լաւրով ընդգծած է, որ Սիւնիքը ռազմավարական կարեւոր շրջան մըն է եւ թէ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ընդլայնումը, անոնց թիւի յաւելումը կը բխի երկու երկիրներու շահերէն։