Search
Close this search box.

ՄՈՍԿՈՒԱ – «Հայկական գորգեր. խորհրդաւոր իմաստներ եւ զարդանախշեր» նիւթին շուրջ դասախօսութիւն՝ Մոսկուայի հայկական թանգարանին մէջ

Մոսկուայի հայկական թանգարանին մէջ՝ հայկական մշակոյթին նուիրուած ձեռնարկներու շրջանակին մէջ Սեպտեմբերի սկիզբը ներկայացուած է դասախօսութիւն՝ «Հայկական գորգեր․ խորհրդաւոր իմաստներ եւ զարդանախշեր» նիւթին շուրջ։

Նախաձեռնութեան նպատակն էր լսարանին ներկայացնել հայկական գորգագործութեան` իբրեւ արուեստի ուրոյն ճիւղի զարգացման նախապատմութիւնը։

Պատմաբան, մշակութային շարժումներու հետազօտող Լիլիանա Նիկողոսեան իր ելոյթին նշած է, թէ գորգերը հայկական միջավայրին մէջ ստեղծուեցան այն ժամանակ, երբ կենցաղի մէջ կը զգացուէր անոնց կարիքը՝ կենսապայմաններու լոյսին տակ։

“Բայց կարճ ժամանակի մէջ  գորգագործութիւնը հայերու  կողմէ կատարելագործուեցաւ։ Պէտք է նշել, որ անոնք արուեստի գործեր էին, որոնք բաւական բարդ աշխատանքի ծնունդ էին։ Գոյները ձեռք կը բերուէին բացառապէս բնական միջոցներով. դեղինը՝ քրքումի ծաղիկէն, շագանակագոյնը` ընկոյզի, իսկ սեւը՝ նռան կեղեւէն։ Իբրեւ հումք կ՚օգտագործուէր ոչխարի, յաճախ նաեւ այծի եւ ուղտի բուրդը։ Առանձին տեղ կը գրաւէր որդան կարմիրը, որ աշխարհին յայտնի դարձաւ հայերու շնորհիւ եւ որուն առաւել մանրամասն անդրադարձած է Հերոդոտոսը իր` հայ ժողովուրդի մասին  աշխատութեան մէջ”,– նշած է պատմաբանը՝ ընդգծելով, որ գիտնականները՝ հետազօտութիւններէ ետք յանգեցան այն եզրակացութեան, որ գորգի ամէնէն հին նմուշը, որ գտնուած է Ալթայի մէջ եւ կը վերագրուի Ք.ա. 5-րդ դարուն, ստեղծուած է Հայկական լեռնաշխարհին մէջ։

Նիկողոսեան անդրադարձած է նաեւ հին հայկական գորգերուն վրայ տեղ գտած խորհրդանիշերուն, տեղեկացնելով, թէ անոնցմէ իւրաքանչիւրը իմաստ մը ունի եւ յաճախ մասնագէտները գորգերուն վրայ գորգագործին ըսելիքը կը կարդան։

“Գորգի գործուածքէն յայտնի կը դառնար, թէ ան կնոջ մը կամ այր մարդու մը համար գործուած էր։ 10-13-րդ դարերուն գորգերը արտադրուած են բացառապէս հայերու կողմէ եւ արտածուած Կիլիկեան Հայաստանէն՝ Եւրոպա։ Այդ մասին հաւաստի յիշատակումներ ունի Մարքօ Փոլօ։ Եւ եթէ տարածաշրջան եկած այլ ազգեր այժմ կը ներկայանան իրենցը համարուող գորգերով, ապա անոնք հայկական զարդանախշեր կը պարունակեն եւ գիտնականները տուած են նաեւ այդ հարցին պատասխանը. հայերը անոնց տուրք կը վճարէին նոյնինքն գորգերով”,– յայտնած է բանախօսը։