Ռուսաստանի Սահմանադրական յանձնաժողովի անդամ Ալեքսանտր Պաշկին «Ռիա Նովոստի» լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցին յայտարարած է, թէ «Ռուսաստանի քաղաքացիութենէ հրաժարիլը Ռուբէն Վարդանեանի անձնական ընտրութիւնն էր։ Սա կրնայ լաւ օրինակ ծառայել բոլոր անոնց, որոնք կը կասկածին ռուսական անձնագրի անգին ըլլալուն։ Հետեւաբար Վարդանեան այժմ չի կրնար օգնութիւն ստանալ Ռուսաստանէն»։
Նշենք, թէ անցեալ տարեվերջին Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին ընդառաջած էր Վարդանեանի՝ Ռուսաստանի քաղաքացիութենէ հրաժարելու դիմումին։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։